Մինաս Աւետիսեանի «Քնած կինը» (1963 թ.) կտաւը նախորդ շաբաթ աճուրդի մէջ վաճառուած է 3 միլիոն 363 հազար ռուբլիով:
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝
Հայ նկարիչ Մինաս Աւետիսեանի «Քնացած կինը» կտաւը անցեալ շաբաթ վաճառուեցաւ ռուսական «ԱլՆօ» աճուրդի տան կողմէ։ Գնորդը վճարեց 3 միլիոն 363 ռուսական ռուպլի եւ տիրացաւ կտաւին։
Մինաս Աւետիսեան հայկական կերպարուեստի հանրայայտ ներկայացուցիչներէն մէկն է։ Նկարիչը իր վաղ շրջանի կտաւները ցուցադրութեան իսկ չէ ներկայացուցած, որովհետեւ Մինաս չէ հաւնած այդ գործերը եւ նոյնիսկ իր ստորագրութիւնը չէ դրած անոնց տակ։
Նկարչական ոճի նմանութեան պատճառով վարպետները անոր տուած են հայկական «Մաթիս» անունը։ Հայաստանի մէջ պահպանուած ու վերականգնուած են Մինաս Աւետիսեանի հիասքանչ որմնանկարները, զորս կարելի է տեսնել կառավարութեան շէնքի, Զուարթնոց օդակայանի ու Կիւմրիի մէջ։