image
Հրատապ լուրեր:

Պլինքըն- Միրզոյեան հանդիպում. Կարեւորուած է սահմանազատման հարցը

Պլինքըն- Միրզոյեան հանդիպում. Կարեւորուած է սահմանազատման հարցը

Ամերիկայի միջնորդութեամբ Ուաշինկթընի մէջ, 27 Յունիսին ընթացք առին Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցութիւնները:

Բանակցութիւնները պիտի տեւեն մինչեւ Հինգշաբթի, 29 Յունիս։

Նախքան բանակցութիւններու եռակողմ հանդիպումը, ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն ունեցած են երկկողմ հանդիպում մը եւ քննարկած են Լաչինի միջանցքի ապօրինի փակման պատճառով ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամը:

Ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան՝ Միրզոյեան ընդգծած է Ատրպէյճանի կողմէ ռազմատենչ հռետորաբանութենէ հրաժարելու, ինչպէս նաեւ բոլոր հայ ռազմագերիները վերադարձնելու հրամայականը:

Միրզոյեան եւ Պլինքըն քննարկած են տարածաշրջանային ապահովութեան եւ կայունութեան, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին վերաբերող հարցեր:

«Կարեւորուել է Հայաստանի եւ Ադրբեջանի միջեւ սահմանազատման գործընթացի ապահովումը` հիմնուած Ալմա Աթայի հռչակագրի եւ 1975թ. քարտէզի վրայ, սահմանից զօրքերի յետքաշումը, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովրդի իրաւունքների եւ անվտանգութեան հարցերի պատշաճ հասցէագրումը` որպէս տարածաշրջանում յարատեւ խաղաղութեան հաստատման կարեւոր գործօն», յայտարարած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը։

Զրուցակիցները, ըստ հաղորդագրութեան, միտքեր փոխանակած են նաեւ տարածաշրջանին մէջ երթեւեկութեան հաղորդակցութեան ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման հարցերու շուրջ: