image

Պլինքըն-Ալիեւ քննարկում

Պլինքըն-Ալիեւ քննարկում

ԱՄՆ պետական քարտուղար Անթոնի Պլինքըն հեռախօսով Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ քննարկած է բանակցային գործընթացը Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ:

«Ատրպէյճանի նախագահին հետ խօսած եմ այն մասին, թէ ինչպէս ԱՄՆ-ն կրնայ շարունակել պահպանել վերջին դրական աշխուժութիւնը Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղ բանակցութիւններուն մէջ», գրած է Պլինքըն Թուիթըրով:

Իր հերթին, Պետական քարտուղարութեան մամուլի ծառայութիւնը նշած է, որ կողմերը «քննարկած են Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան ուղղուած վերջին դրական ազդակը եւ ապագայ յստակ քայլերը, այդ շարքին` սահմանի սահմանազատումը եւ սահմանագծումը, ճանապարհային եւ հաղորդակցութեան ուղիներու բացումը, հայ կալանաւորներու ազատ արձակումը»: «Պլինքըն վերահաստատած է, որ ԱՄՆ պատրաստ է օգնելու` փոխգործակցելով երկկողմանի հիմքով, ինչպէս նաեւ` համախոհ գործընկերներու հետ, այդ շարքին` ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահի մեր դերի ծիրին մէջ: Պետական քարտուղարը ընդգծած է մարդու իրաւունքներու եւ հիմնարար ազատութիւններու նկատմամբ աւելի խիստ յանձնառութեան կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ ընդունած է կարեւոր դերը, որ Ատրպէյճանը կը շարունակէ խաղալ Եւրոպայի ուժանիւթային անվտանգութեան գործին մէջ», ըսուած է Պետական քարտուղարութեան մամուլի հաղորդագրութեան մէջ: