image

Պիտի ամրապնդենք մեր ներկայութիւնը. Պլինքըն

Պիտի ամրապնդենք մեր  ներկայութիւնը. Պլինքըն

Հիւսիսատլանտեան դաշինքը կ'աւելցնէ իր ներկայութիւնը «Սեւ ծովէն մինչեւ Պալթիկ ծով»։ Այս մասին Պուխարեստի մէջ կայացած մամուլի ասուլիսին յայտարարած է ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընը, հաղորդած է ԹԱՍՍ-ը:

«Մեր առաջընթացը հնարաւոր չէ զսպել: Մենք կ'ամրապնդենք ՆԱԹՕ-ի ներկայութիւնը Սեւ ծովէն մինչեւ Պալթիկ ծով: Եւ այս ջանքերու ծիրին մէջ մենք մշտապէս կ'աշխատինք իրար հետ... Ռումանիան չափազանց կարեւոր մասնակից է այդ ջանքերուն եւ, ի հարկէ, աւելի լայն ջանքերուն, որպէսզի ՆԱԹՕ-ն ըլլայ ամենաուժեղ պաշտպանական դաշինքը»,- ըսած է դիւանագէտը Ռումանիոյ արտաքին գործոց նախարար Պոկտան Աուրեսքուի հետ հանդիպումէն յետոյ։

Ան աւելցուցած է, որ սեւծովեան տարածաշրջանը ռազմավարական նշանակութիւն ունի դաշինքի համար եւ կը հանդիսանայ «ՆԱԹՕ-ի պաշտպանութեան» չափազանց կարեւոր տարր։

«Մենք յանձնառու ենք կառուցելու ժամանակակից եւ փոխգործունակ զինուած ուժեր, որոնք օգտակար պիտի ըլլան ՆԱԹՕ-ին ողջ տարածքին մէջ, այդ թուին՝ Սեւ ծովին մէջ»,- ըսած է Պլինքըն։