image

Պէյրութ. Մատուցուեցաւ Սուրբ Ծննդեան Հայրապետական Պատարագ Սուրբ Եղիա եկեղեցւոյ մէջ

Պէյրութ. Մատուցուեցաւ Սուրբ Ծննդեան Հայրապետական Պատարագ Սուրբ Եղիա եկեղեցւոյ մէջ

Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքը մատուցանեց Սուրբ Ծննդեան Ս. Պատարագը, «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ – Ս. Եղիա» աթոռանիստ եկեղեցիին մէջ, քահանաներու եւ սարկաւագներու ընկերակցութեամբ:


Ասոր մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ խմբագրութեանս յղուած հաղորդագրութիւնէն։

Ստորեւ թղթակցութիւնը ամբողջութեամբ՝

Պէյրութ, Հինգշաբթի, 25 Դեկտեմբեր 2025-ին, առաւօտեան ժամը 10.30-ին, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքը մատուցանեց Սուրբ Ծննդեան Ս. Պատարագը, «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ – Ս. Եղիա» աթոռանիստ եկեղեցիին մէջ, քահանաներու եւ սարկաւագներու ընկերակցութեամբ: Հոգեպարար արարողութեան մասնակցեցան քաղաքական, մշակութային, տնտեսական ու դիւանագիտական անձնաւորութիւններ, ինչպէս նաեւ հաւատացեալներու բազմութիւն մը:

Ս. Աւետարանին ընթերցումէն ետք, Գերերջ. Հայրապետը փոխանցեց օրուան պատգամը:

«Այս օրհնեալ օրուան ընթացքին, Յիսուս Քրիստոս Փրկչին ծննդեան յիշատակը, մեր Փրկչին ծնունդը կը նկատենք որպէս աստուածային գերագոյն Սէրը, որ այսօր մեր մէջ իջաւ։ Ամենակարող Աստուած մեզի կը ներկայանայ իբր անկարող մանուկ մը, որ կարիքն ունի սիրոյ և խնամքի, կարիքն ունի մօր մը խնամքին ու պաշտպանութեան՝ մինչ կը սպասէ այն հովիւներուն, որոնք կը ներկայացնեն մարդկութիւնը և Անոր կը նուիրեն այդ սէրը, որ կը բացակայի մեր օրերուն։

Սիրելի եղբայրներ և քոյրեր, չնայած, թէ Քրիստոս շատոնց ծնած է, բայց եւ այնպէս Ան կրնայ վերստին ծնիլ և ամէն անգամ Ան ծնունդ կ'առնէ Ս. Հաղորդութեան Խորհուրդով՝ մեր սրտերւն մէջ, երբ այս նուիրական պահուն միասնաբար կը մասնակցինք Աստուածային Զոհին։

Այո՛, այսօր մեր կարգն է կանգնելու այս սուրբ խորանին առջեւ, Բեթղեհէմի մսուրին առջեւ երկրպագող հովիւներուն փոխարէն, և հրեշտակներու երգչախումբին հետ երգելու. «Փառք Աստուծոյ բարձունքներուն, և երկրին վրայ խաղաղութիւն»։

Այո՛, այսօր աւելի քան երբեք, մենք պէտք ունինք խաղաղութեան՝ ներքին խաղաղութեան ու խղճի խաղաղութեան, մեր եսասիրութենէն հեռանալու և Աստուծոյ հետ հաշտութեան ուղին բռնելու համար։ Հաշտութիւն՝ մեր մէկ ազգին զաւակներուն, քաղաքացիական ու քաղաքական խմբաւորումներուն և բոլոր անոնց միջեւ, որոնք հիմնական դերն ունին մեր հայրենիքի ապագային, անվտանգութեան ու յաջողութեան համար։

Մենք պէտք ունինք հաշտութեան Անո՛ր հետ, որ մեզի համար իջաւ Իր երկնային գահէն և մարդ դարձաւ։

Մենք պէտք ունինք խաղաղութեան աշխարհին մէջ, յատկապէս մեր հայրենիքին՝ Լիբանանին մէջ, ուր Աստուծոյ հրաշքներն ու անոր սուրբերը մեզ կը շրջապատեն՝ մեզ համակելով անոր անսահման սիրով։

Այսօր շատեր կոչ կ'ընեն փոփոխութիւններ կատարելու Եկեղեցիէն ներս, իսկ Եկեղեցին, իր կարգին, իր հաւատացեալներուն կոչ կ'ուղղէ բարեփոխուելու և վերադառնալու իրենց խղճին, որպէսզի հանդիպին Փրկչին՝ Յիսուս Քրիստոսին, անոր խոնարհ մսուրին մէջ, որ մեր փրկութեան համար սիրով լեցուն է։

Այո՛, այսօր մենք կը նշենք յոյսի ծնունդը։ Բարեկարգումներու ուղղութեամբ ձտգող երկիրի մը յոյսը, որ պահպանէ իր ժողովուրդին արժանապատուութիւնը։

Յոյսի ծնունդը՝ Լիբանանի երկսեռ երիտասարդութեան համար, որ փոփոխութեան ներուժը եւ պայծառ ապագայի յոյսն են։ Մի՛ անտեսէք մեր երիտասարդներն ու երիտասարդուհիները: Գործելու ժամանակն է եւ ոչ թէ միայն խօսերու։

Հետևաբար, այսօր կոչ կ'ողղենք դերակատար կողմերուն՝ միանալու այս ճանապարհորդութեան և աշխատելու անոր յաջողութեան համար՝ ամէն ինչէն վեր դասելով մեր երկրին շահերը։

Փրկութեան խորհուրդը ամփոփուած է մէկ բառին մէջ.«Այո՛»։ Առանց Մարիամ Ս. Կոյսին «Այո՛»-ին, փրկութեան ծնունդը կարելի չէր, և առանց երկրային հօր՝ Յովսէփի «Այո՛»-ին, անիկա չէր իրականացուեր։ Ուստի, այսօր մեր փրկութիւնը չի կրնար իրականանալ, առանց մեր սեպհական «Այո՛»-ին։

Հետեւաբար, այսօր բոլորս կանչուած ենք ըսելու. «Այո՛»: Բարեփոխութեան, «Այո՛» Յիսուսին, ըլլալու՝ Աստուծոյ Խօսքին ու խաղաղութեան քարոզիչները այս երկրին մէջ։ «Այո՛» Փրկչին խօսքերը ժառանգելու. «Երանի՜ խաղաղարարներուն, որովհետև անոնց է երկնքի արքայութիւնը»։

Այո՛, հաշտութեան գործիքներն ըլլա՛նք անոնց համար, որոնք զրկուած են այդ շնորհքէն, և նոյնպէս ուրախութեան՝ անոնց համար, որոնք կը ցանկան ըլլալ Աստուծոյ կողքին։

Այսօր մեր օրն է ըսելու «Այո՛» Տիրոջ շնորհքին, որ Ինքզինքը զոհաբերեց մեր փրկութեան համար։ Միայն մաղթանքները բաւարար չեն, այլ նաեւ հասած է վկայութեան ժամանակը։ Վկայութիւնն ալ անօգուտ է, առանց լիակատար գիտակցութեան՝ մեր խղճին վերադառնալու և մեր Տիրոջ կամքին հնազանդելու՝ մեր անձնական ու ընկերային կեանքին մէջ, ներառեալ բարոյական արժէքներն ու սկզբունքները, զորոնք կը ստանանք Ս. Աւետարանէն, Քրիստոսի խօսքերէն։

Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ...: Ալէլուիա։