«Հասարակական կարծիք» ընկերաբանական հիմնադրամը հարցում իրականացուցած է ռուսաստանցիներու շրջանակին մէջ՝ պարզելու համար անոնց վերաբերմունքը Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի աշխատանքին նկատմամբ:
Ընկերաբաններու տուեալներով՝ վերջին հարցումը ցոյց տուած է, որ Նոյեմբեր 28-ի դրութեամբ՝ հարցման մասնակիցներուն 60 տոկոսը կը կարծէ, որ երկրին ղեկավարնը լաւ կ'աշխատի: Հակառակ կարծիք ունի հարցուածներուն 25 տոկոսը: Նախագահին աշխատանքէն դժգոհներուն թիւը Նոյեմբերին աւելցած է 3 տոկոսով:
Բացի այդ, մասնագէտները պարզած են նախագահին նկատմամբ վստահութեան մակարդակը. հարցման մասնակիցներուն 65 տոկոսը յայտարարած է, որ կը վստահի Փութինին, 33 տոկոսը՝ չի վստահիր: Չվստահողներուն թիւը եւս աւելցած է 3 տոկոսով Նոյեմբերին: