image

Փութին-Փաշինեան հանդիպումն անհրաժեշտ է եւ սպասուած երկու կողմի համար. Քրեմլ

Փութին-Փաշինեան հանդիպումն անհրաժեշտ է եւ սպասուած երկու կողմի համար. Քրեմլ

Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յառաջիկայ բանակցութիւնները, որոնք տեղի պիտի ունենան այսօր Քրեմլի մէջ, անհրաժեշտ են եւ սպասուած, լրագրողներու հետ զրոյցին նշած է Ռուսիոյ նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքով։

«Հանդիպումն անհրաժեշտ է եւ սպասուած՝ երկու կողմի համար»,- ըսած է Փեսքով։

Աւելի վաղ Քրեմլը յայտարարած էր, որ վերջին շրջանին Մոսկուայի եւ Երեւանի միջեւ «խնդրայարոյց հարցեր կուտակուած են»։

Ռուսիոյ իշխանութիւնները կ՚ակնկալեն, որ յառաջիկայ բանակցութիւնները հնարաւորութիւն կու տան պարզաբանել հարցերը: