Քրեմլի մէջ հանդիպած են Ռուսիոյ եւ Սուրիոյ նախագահներ՝ Վլատիմիր Փութինը եւ Պաշար Ասատը։
Ռուսիոյ նախագահը յայտարարած է, որ Ասատի հետ պիտի քննարկէ տարածաշրջանային իրավիճակը, որ սրվելու միտում ունի, եւ այդ կը վերաբերի նաեւ Սուրիոյ։
«Մենք հնարավորութիւն պիտի ունենանք քննարկելու նաեւ տնտեսական յարաբերութիւնները, որոնք զարգացման միտում ունին»,-ըսած է ան։
Սուրիոյ նախագահը նշած է՝ ուրախ է, որ այս հանդիպումը համընկած է Սուրիոյ եւ Ռուսիոյ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման տարեդարձի հետ։
«Անցած տասնամեակներու ընթացքին մեր երկիրներն անցած են ներքին գործընթացներ, ձեւաւորման տարբեր փուլեր, եւ հիմա մեր երկու երկիրներու յարաբերութիւնները շատ հասուն փուլի մէջ են։ Հաշուի առնելով ամբողջ աշխարհի եւ եւրասիական տարածաշրջանի մէջ տեղի ունեցող գործընթացները՝ մեր այսօրուան հանդիպումը շատ լաւ հնարավորութիւն է՝ քննարկելու համագործակցութիւնը եւ բոլոր մանրամասնութիւնները»,-ըսած է Ասատ։