Քրեմլի մամուլի ծառայութեան հաղորդմամբ՝ կողմերը շարունակած են ԼՂ շուրջ իրավիճակի քննարկումը, անոր հետագայ կայունացումը՝ 2020 թուականի 9 նոյեմբերի եւ 2021 թուականի 11 յունաուարի՝ ՌԴ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի առաջնորդներու յայտարարութիւններու համաձայն:
Մասնաւորապէս, նախագահներն առարկայականօրէն քննարկած են տարածաշրջանի խաղաղութեան, անվտանգութեան եւ ընկերային-տնտեսական զարգացման հարցերը, ինչպէս նաեւ փոխադրային հաղորդակցութիւններու վերականգնման հարցով աշխատանքներու ընթացքը:
Նախագահները պայմանաւորուած են աշխոյժացնել տարբեր ձեւաչափերով շփումները: