image

Պոլսահայ միութեան կեդրոնին մէջ  հանդիպում-զրոյց՝ Տելլալ Տինքին հետ 

Պոլսահայ միութեան կեդրոնին մէջ  հանդիպում-զրոյց՝ Տելլալ Տինքին հետ 

Լոսանճելըսի մէջ, Պոլսահայ միութեան կազմակերպութեամբ, օրերս, տեղի ունեցած է հիւրընկալութիւն մը եւ զրոյց մը՝ նահատակ Հրանդ Տինքի դստեր դոկտ. Տելալ Տինքի հետ։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց Լոս Անճելըս հրապարակուող՝ «Ասպարէզ»էն, որ, մասնաւորապէս, գրած է՝

Հինգշաբթի, 6 Փետրուարին, Պոլսահայ միութեան կազմակերպութեամբ՝ տեղի ունեցաւ հիւրընկալութիւն մը եւ զրոյց մը՝ նահատակ Հրանդ Տինքի դստեր դոկտ. Տելալ Տինքի հետ։

Հարցազրոյցը վարեց  Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի Հայագիտութեան հիմնարկի նախկին տնօրէնուհի եւ «Սիվիլիթաս» հիմնարկի համահիմնադիր եւ վարիչ Սալբի Ղազարեան:

Ներկայ էին միութեան անդամներ, համակիրներ, բարեկամներ եւ հիւրեր: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Պոլսահայ միութեան Մշակութային յանձնախումբի ատենապետ տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեան, որ ուրախութիւն յայտնեց դոկտ. Տինքի եւ Հրանդ Տինքի անուան տարեկան «Ազատութեան եւ Արդարութեան» այս տարուան շքանշանին արժանացող Ղազարեանի ներկայութեան համար, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն՝ փրոֆ. Թաներ Աքչամին, որուն օգնութեամբ կարելի եղաւ իրականացնել այս ձեռնարկը:

Ապա ան ընթերցեց երկու հիւրերուն կենսագրականները եւ զանոնք բեմ հրաւիրեց: Սալբի Ղազարեան շնորհակալութիւն յայտնեց Պոլսահայ միութեան՝ այս առիթին համար եւ փրոֆ. Աքչամին, որ եղաւ փայլուն կապը իրենց միջեւ:

«Ասիկա բացառիկ առիթ է խօսելու «Հրանդ Տինք» հիմնարկին մասին, որ ինքնին եզակի է շատ առումներով։ Հիմնարկը կատարեալ օրինակ է, թէ ինչպէս կարելի է ողբերգութիւնը եւ անցանկալի հանգամանքները վերածել բովանդակալից ռազմավարական աշխատանքի։ Հրանդ Տինք եզակի էր թրքական հասարակութեան համար, որովհետեւ ան կը փորձէր ապացուցել, որ արդարութիւնը համընդհանուր է», ըսաւ Ղազարեան:

Ան նաեւ ողջունեց դոկտ. Տելալ Տինքը եւ հարցումներ տուաւ անոր հիմնարկին մասին, որ հիմնուած է՝ շարունակելու Հրանդ Տինքի երազները եւ պայքարը:

Դոկտոր Տինք նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Պոլսահայ միութեան՝ հրաւէրին համար եւ ըսաւ․ «Գիտեմ, որ հայրս քանի մը անգամ եկած էր Լոս Անճելըս, առ այդ, պատիւ է հիմա ինծի համար ըլլալ իր ընկերներուն հետ: Երբ զինք սպաննեցին, մեզի կ՛ըսէին, որ պէտք է հիմնարկ մը ունենանք, որպէսզի կարենանք իր աշխատանքը տանիլ: Բայց յետոյ մենք սահմանեցինք այդ բարձր նշաձողը մեզի համար: Միշտ, նոյնիսկ այսօր, մենք կը վերադառնանք իր յօդուածներուն, իր միտքերուն եւ անընդհատ կը յիշեցնենք մենք մեզի, թէ ինչպէ՛ս կը գործէր ան: Օրինակ, առաջին բանը, զոր մենք սկսանք ընել, առնչութիւն ունէր ատելութեան խօսքին հետ, որ Թուրքիոյ մէջ, հայերու նկատմամբ շատ է: Հայրս դարձած էր լրատուամիջոցներու թիրախը, առ այդ, մենք ըսինք, որ պէտք է իրազեկել անոր խօսքերուն միջոցով: Ան դէմ էր ամէն տեսակի ցեղային խտրականութեան, ուրեմն մեր նպատակը եղաւ երկխօսութիւններու կառուցումը, տարբեր փոքրամասնութիւններու հետ, համաժողովներու եւ քննարկումներու ճամբով: Մեր գործին մէջ կը փորձենք ներառել նաեւ ցեղային խտրականութեան հարցը։ Մենք ունինք առցանց արխիւ մը այդ մասին եւ անոր տուեալները այժմ կ՛օգտագործուին իբրեւ ուսումնասիրութեան գործիք: Այսօր, մենք կ՛աշխատինք Թուրքիոյ մէջ երկու մեծ համալսարաններու հետ՝ մշակելու այդ գործիքը»։

Ապա դոկտ. Տինք պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն եւ վերջաւորութեան,  Ղազարեան շեշտեց, թէ յանուն Հայաստանի, մենք չենք կրնար շարունակել մոռնալ Թուրքիան եւ այդ մէկուն ամէնէն ուղղակի միջոցը հիմնարկին հետ գործակցիլն է։

Ապա, միութեան Գործադիր յանձնախումբի նախագահ տոքթ, Մուրատ Քէօշքէր փոխանցեց իր սրտի խօսքը՝ ըսելով. «Շնորհակալութիւն բոլորիդ՝ ձեր ներկայութեան համար եւ այս աշխոյժ երեկոն մեզի հետ բաժնեկցելնուդ համար: Շնորհակալութիւն նաեւ տպաւորիչ եւ լուսաբանական այս զրոյցին համար»։

Աւարտին տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն մը:

Նշենք, որ Հրանդ Տինքի անուան հիմնարկը հիմնուած է 2007ին՝ «Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիրին եւ գլխաւոր խմբագիրին սպանութենէն ետք, Տինքի այրիին՝ Ռաքէլին, ընտանիքին եւ բարեկամներուն ջանքերով։ Կազմակերպութեան յատուկ նպատակներն են՝ պայքարիլ խտրականութեան դէմ, վերացնել հայ եւ թուրք ժողովուրդներուն միջեւ նախապաշարմները, նպաստել Թուրքիա-Հայաստան բնականոն յարաբերութիւններուն, հաստատել Թուրքիոյ բազմազգ եւ բազմաշերտ հանրութեան մէջ երկխօսութեան եւ խաղաղութեան լեզու, ապահովել տարբեր ինքնութիւններու մերձեցումը, պաշտպանել մշակութային ժառանգութիւնները եւ նպաստել Թուրքիա-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու զարգացման ։