Սաներուն այստեղ անցուցած բոլոր օրերն ու պարապմունքները անոնց համար յիշարժան են, մարմնակրթութենէն մինչեւ ընկերներու տարեդարձները: Եւ ամէն բացուող նոր օր AMAA Armenia-ն զարգանալու եւ աւելի լայն մտածելու հնարաւորութիւն կուտայ երեխաներուն, որպէսզի անոնք շողան, շողարձակեն ու լուսաւորեն իրենց շուրջը. չէ՞ որ անոնցմէ իւրաքանչիւրը մի փոքրիկ արեւ է»:
Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան (AMAA-ԱՀԱԸ) Հայաստանի Վանաձորի գրասենեակի առաջին յարկէն մանուկներու ուրախ եւ աշխոյժ ձայներ կու գան: «Փոքրիկ արեւներ» մանկական խումբի սաներն են: Անոնք վառվռուն ու բոցկլտացող աչքերով, աշխուժօրէն կը պատասխանեն մասնագէտներու հարցերուն, խաղեր կը խաղան եւ արագօրէն կ'իւրացնեն նոր նիւթը ու կ'ափսոսան, որ տուն երթալու ժամը կը մօտենայ: Այսպէս գրած է AMAA-ի Ստեփանաւանի «Շող» կեդրոնի համակարգող՝ Մարուսիա Պալայեան: Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ AMAA-ի կայքէն:
Պալայեան նաեւ գրած է ,- «անոնցմէ իւրաքանչիւրը մի փոքրիկ արեւ է, որ շուրջը լոյս կը սփռէ, որ պիտի մեծնայ ու այստեղ ստացած սէրն ու ջերմութիւնը կրկնապատկած, եռապատկած տայ իր շրջապատին:
Խումբին մէջ ընդգրկուելու համար ամէն տարի մեծ հերթ կը գոյանայ. օճախը առայժմ կը կարողանայ ծառայութիւն մատուցել վանաձորցի 50 փոքրիկի՝ կազմակերպելով անոնց մտաւոր, ֆիզիքական զարգացման, ուսուցման, դաստիարակութեան եւ սնուելու գործընթացը, որ ուղղուած է երեխայի տարիքին համապատասխան զարգացման, այլ խօսքով՝ տարրական կրթութիւնը սահուն անցնելու ապահովման: Կ'ըսեն թէ թաղամասի դպրոցները անհամբեր կը սպասեն, թէ իրենցմէ յատկապէս որու բախտը պիտի բերէ փոքրիկ արեւները, որպէս աշակերտ ունենալու համար:
«Փոքրիկ արեւներ»-ու դասացուցակը կը պարունակէ տարբեր առարկաներ՝ մայրենի, մաթեմատիկա, կերպարուեստ, անգլերէն, ռուսերէն, շրջակայ աշխարհի ուսումնասիրութիւն եւ այլն, մեթոտներուն ու միջոցներուն մէջ կայ զարգացնող խաղեր, խաղալիքներ, տեսաձայնային ու երաժշտական տեսանիւթեր, տպագիր եւ ելեկտրոնային կրթական միջոցներ եւ այլ ուսումնական նիւթեր: Սակայն այս ամէնուն մէջ ընդգծուած է հայրենագիտութեան եւ հայրենասիրութեան սերմանումը, որու ուղղութեամբ բոլոր մասնագէտներու ջանքերը միահամուռ են:
Գաբրիէլան «Փոքրիկ արեւներ» խումբի սաներէն եղած է: Այստեղ ստացած սէրը, ջերմութիւնն ու կրթական մօտեցումները զինք դարձեալ AMAA Armenia բերած են, եւ հիմա ցերեկային կեդրոն կը յաճախէ: Ինչպէս աղջնակի մեծ մայրը կ'ըսէ, այստեղ ամէն ինչ կ'ընեն, որ երեխան իր տարիքին համապատասխան զարգանայ, ինքնասպասարկուի ու կեանքի հմտութիւններ ունենայ:
Սաներուն այստեղ անցուցած բոլոր օրերն ու պարապմունքները անոնց համար յիշարժան են, մարմնակրթութենէն մինչեւ ընկերներու տարեդարձները: Եւ ամէն բացուող նոր օր AMAA Armenia-ն զարգանալու եւ աւելի լայն մտածելու հնարաւորութիւն կուտայ երեխաներուն, որպէսզի անոնք շողան, շողարձակեն ու լուսաւորեն իրենց շուրջը. չէ՞ որ անոնցմէ իւրաքանչիւրը մի փոքրիկ արեւ է»: