image

Փօլատեան համատեղութեան կարգով նշանակուած է Օմանի մէջ ՀՀ դեսպան

Փօլատեան  համատեղութեան կարգով  նշանակուած է Օմանի մէջ ՀՀ դեսպան

ՀՀ նախագահի լիազօրութիւնները կատարող Ալէն Սիմոնեան հրամանագիր ստորագրած է Հրաչեայ Փօլատեանը Օմանի Սուլթանութեան մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան նշանակելու մասին:

«Հիմք ընդունելով վարչապետի առաջարկութիւնը` համաձայն Սահմանադրութեան 132-րդ յօդուածի 1-ին մասի 2-րդ կէտի, ինչպէս նաեւ «դիւանագիտական ծառայութեան մասին» օրէնքի 14-րդ յօդուածի 1-ին մասի.

Եգիպտոսի Արաբական Հանրապետութիւնում Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Հրաչեայ Փօլատեանին, համատեղութեան կարգով, նշանակել Օմանի Սուլթանութիւնում Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան (նստավայրը` Գահիրէ)», ըսուած է հրամանագրին մէջ: