image

Փեսքով նշած է, որ Ատրպէյճանի հետ շփումները տեւական են

Փեսքով նշած է, որ Ատրպէյճանի հետ շփումները  տեւական են

ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինի մամուլի խօսնակ Տմիթրի Փեսքովը յայտարարած է, որ Ատրպէյճանի հետ ԼՂ հարցով շփումները մշտապէս կ'իրականացուին: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ-ը:

«Ատրպէյճանական կողմի հետ շփումները կը շարունակուին մշտական հիմքով: Բոլորը համաձայն են, որ եռակողմ պայմանաւորուածութիւններու դրոյթներու իրականացումը շատ կարեւոր է եւ առանց այլընտրանքի: Եւ այդ իրականացնելու շրջածիրէն ներս կը կայանան շփումները ե՛ւ հայկական, ե՛ւ ատրպէյճանական կողմի հետ»,-ըսած է Փեսքով: