image
Հրատապ լուրեր:

Փայլան պատրաստակամութիւն կը յայտնէ

Փայլան պատրաստակամութիւն կը յայտնէ

Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլան յայտնած է, որ պատրաստ է ներդրում ունենալու Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործին մէջ: 

Փայլան նաեւ դիմելով Թուրքիոյ մէջ գործող քաղաքական ուժերուն, նախագահ Էրտողանին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի քաղաքական շրջանակներուն` կոչ ըրած է աջակցելու հարցի կարգաւորման: 

Ան խօսքի աւարտին յայտնած է, որ եւս մէկ անգամ կը հաստատէ, որ պատրաստ է Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցին մէջ ստանձնելու որեւէ պատասխանատուութիւն: