image
Հրատապ լուրեր:

Փաշինեան յայտատարեց, որ այսուհետեւ Պելառուսիա պիտի չայցելէ այնքան ատեն, որ նախագահ է Ալեքսանտր Լուքաշենքօն․ Փաշինեան

Փաշինեան յայտատարեց, որ այսուհետեւ Պելառուսիա պիտի չայցելէ այնքան ատեն, որ նախագահ է Ալեքսանտր Լուքաշենքօն․ Փաշինեան

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսուհետեւ պիտի չայցելէ Պելառուսիա այնքան ատեն, քանի դեռ երկրի նախագահը Ալեքսանտր Լուքաշենքօն է։ Ան այդ մասին յայտարարած է Ազգային ժողովին։

Պատասխանելով ընդդիմութեան այն մեղադրանքներուն, որ ինքը չի կատարեր կառավարութեան ծրագիրը, ուր կը խօսուէր ՀԱՊԿ շրջածիրէն ներս նախատեսուած աշխատանքի մասին`Փաշինեան պատասխանած է` 2021 թուականին կազմուած ծրագրին մէջ ըսուած էր, որ Հայաստանը պիտի ձգտի ՀԱՊԿ մեխանիզմները գործի դնել` ի շահ երկրի։

«ՀԱՊԿ համանախագահներից մէկը յայտարարել է, թէ 44-օրեայ պատերազմը նախապատրաստելուն մասնակցել է, քաջալերել ու ցանկացել է Ադրբեջանի յաղթանակը։ Դրանից յետոյ ես պէտք է գնամ Բելառուսի նախագահի հետ ՀԱՊԿ ֆորմատում նստեմ ու հարց քննարկե՞մ։ Բա դուք չէ՞ք, որ խօսում էք արժանապատւութիւնից, սկզբունքայնութիւնից։ Արձանագրում եմ, որ ես այլեւս երբեք չեմ այցելի Բելառուս, քանի դեռ այնտեղ նախագահ է Ալեքսանդր Լուկաշենկոն»։

Փաշինեանի խօսքով՝ ՀԱՊԿ-ի հետ կապուած դիրքորոշումը կրնայ փոխուիլ, եթէ Պելառուսիան որոշէ դուրս գալ ՀԱՊԿ-էն, կամ «Բելառուսի նախագահը Հայաստանի ժողովրդին ներողութեան եւ բացատրութեան այնպիսի խօսքեր ասի, որ ՀՀ ժողովրդի համար ընդունելի կը լինի»։

Ան շեշտած է` այս պահէն սկսեալ ՀՀ ոչ մէկ պաշտօնական ներկայացուցիչ պիտի չայցելէ Պելառուսիա։

Յիշեցնենք` մայիս 16-ին Ատրպէյճան կատարած այցի ժամանակ Պելառուսիոյ նախագահը յայտարարած էր, որ 2020 թուականի պատերազմէն առաջ (դիմելով Իլհամ Ալիեւին՝ ան ըսած էր «ձեր ազատագրական պատերազմէն» առաջ) ինքն ու Ալիեւը զրուցած են եւ եկած այն եզրակացութեան, որ պատերազմին յաղթել հնարաւոր է։ Ան աւելցուցած էր` հիմա եկած է այն ծանր ժամանակը, երբ պէտք է վերակենդանացնել այդ տարածքները։

Անկէ ետք Փաշինեանը յայտարարած էր, որ ՀԱՊԿ անդամ երկիրներէն 2–ը մասնակցած են հայերու դէմ պատերազմի նախապատրաստութեան, բայց չէր նշած, թէ որ երկիրները։