Փաշինեան պիտի չմասնակցի Պիշքէքի մէջ կայանալիք Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան գագաթնաժողովին
Հայաստանի վարչապետ Փաշինեանը Ղրղզստանի նախագահ Ժափարովի հետ հեռախօսազրոյցին ըսած է, որ չի կրնար մասնակցիլ Պիշքէքի մէջ կայանալիք Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան (ԱՊՀ) գագաթնաժողովին։
Այս մասին յայտնած է Ղրղզստանի ղեկավարի մամուլի ծառայութիւնը։