image

Փաշինեան- Փութին դարձեալ հեռախօսազրոյց

Փաշինեան- Փութին դարձեալ հեռախօսազրոյց

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը հերթական հեռախօսազրոյցը ունեցած է Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ:

ՀՀ կառավարութեան մամուլի ծառայութենէն յայտնած են, որ Փաշինեանը շնորհաւորած է Փութինը ծննդեան տարեդարձի կապակցութեամբ՝ անոր մաղթելով յաջողութիւններ պետութեան ղեկավարի պաշտօնին:

Կողմերը նաեւ քննարկած են իրավիճակը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ՝ կարեւորելով ռազմական գործողութիւններու շուտափոյթ դադարեցումը:

Իր հերթին, Քրեմլի պաշտօնական կայքը կը տեղեկացնէ, որ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը զանգած է Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինին անոր 68-ամեակի կապակցութեամբ:

Յիշեցնենք, որ նախորդ անգամ Հայաստանի եւ Ռուսաստանի առաջնորդները հեռախօսազրոյց ունեցած էին 5 հոկտեմբերին: