image

60 Տարի անց դարձեալ ԱՄՆ-ի մէջ. Նուրալտին Աթասի եւ Ահմատ Շարըհ.Նմանութիւններ եւ տարբերութիւններ

60 Տարի անց դարձեալ ԱՄՆ-ի մէջ. Նուրալտին Աթասի եւ Ահմատ Շարըհ.Նմանութիւններ եւ տարբերութիւններ

  Սուրիոյ նախագահ Ահմատ Շարըհ մեկնած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ՝ նշանակալից այցելութեամբ, որուն ընթացքին ան ելոյթ պիտի ունենայ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 80-րդ նստաշրջանին։

Սուրիոյ պետական հեռուստատեսութիւնը յայտնած է, որ Շարըհ ուղեւորուած է «Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ՝ Նիւ Եորքի մէջ կայանալիք ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 80-րդ նստաշրջանին մասնակցելու համար»՝ յղում ընելով նախագահի յայտարարութեան։

Շարըհ իշխանութեան եկաւ անցեալ Դեկտեմբերին, երբ ունենալով ընդդիմադիր շրջանակներու մեծ նեցուկը յաջողեցաւ տապալել Սուրիոյ երկարամեայ նախագահ Պաշշար Ասատը։

Սագօ Արեան լրագրողի էջէն կը կարդանք՝

Այսպիսով, նախագահ Շարըհ պիտի դառնայ առաջին սուրիացի առաջնորդը, որ 60 տարուան բացակայութիւնէ ետք պիտի մեկնի Ամերիկա եւ ելոյթ ունենայ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին՝ Նուրէտտին Աթասիի 1967-ի ելոյթէն ետք։

Ջրբաժանի մը առաջ կանգնած է Սուրիան եւ այս պարագային հետաքրքրական պիտի ըլլար ընթերցողներուս ներկայացնել Շարըհի այս օրերուն ԱՄՆ տալիք այցին ու շուրջ տարիներ առաջ այդ օրերու Սուրիոյ նախագահ Նուրալտին Աթասիի տուած այցին մասին 

   Նմանութիւններ

1. Պատմական խորհրդանշականութիւն – Երկուքն ալ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին ելոյթով փորձեցին Սուրիան ներկայացնել միջազգային բեմին վրայ իբր ինքնուրոյն դերակատար։

2. Քաղաքական անցումի ժամանակաշրջան – 1967-ին Ալ-Աթասի այցելեց ՄԱԿ, քիչ ետք Սուրիան ապրեցաւ «Վեցօրեայ պատերազմի» աղէտը։ Իսկ Շարըհ այսօրուան ելոյթով կը ներկայանայ անմիջապէս այն բանից ետք, երբ նոր իշխանութիւնը տապալեց Ասատեան երկարամեայ վարչակարգը։ Երկու դէպքերն ալ կը կապուին իշխանափոխութեան ու ճակատագրական շրջադարձերու։

3. ԱՄՆ մուտք գործելու բացառիկ առիթ – Սուրիոյ ղեկավարներ հազուադէպ այցելած են ԱՄՆ։ Այս առումով երկու այցերն ալ կը դիտուին իբրեւ արտասովոր եւ ուշագրաւ։

    Տարբերութիւններ

1. Միջազգային համատեքստը

Աթասի (1967) – ելոյթ ունեցաւ արաբ–իսրայէլեան պատերազմի խորքային բեմին, երբ Սուրիան պարտութիւն կրած էր եւ ազգային արժանապատուութիւնը խիստ տկարացած։ Անոր ուղերձը աւելի պաշտպանողական եւ արդարացնող բնոյթ ունէր։

Շարըհ (2025) – կը ներկայանայ իբրեւ նոր, յաղթական ղեկավար, որ վերջ տուած է երկարամեայ բռնապետութեան։ Նպատակը՝ իրաւազօրութիւն ստանալ միջազգային ընտանիքէն եւ ձեւաւորել Սուրիոյ նոր պատկերը։

2. Ներքին իշխանական դիրքաւորումը

Աթասի – մաս էր «Պասս» կուսակցական վերնախաւին եւ իր ուժը կախեալ էր զինուորական ու կուսակցական մեքենայէն։

Շարըհ – եկած է իշխանութեան հակա-Ասատեան դաշինքի գլխաւորութեամբ եւ առաջադրանքով ։ 

3. Արտաքին արձագանգի ակնկալիքները

Աթասի – կը դիմէր ՄԱԿ-ին հիմնականօրէն իբրեւ բեմ՝ դատապարտելու Իսրայէլը եւ շեշտելու Արաբական աշխարհի միասնականութիւնը։

Շարըհ – պիտի դիմէ միջազգային ընտանիքին՝ օրինականութիւն եւ աջակցութիւն ապահովելու, Սուրիոյ վերակառուցման եւ նոր դիւանագիտական ուղեգիծի հաստատման համար։