image

ԱՄՆ-ի հետ յարաբերութիւններու ամբողջական վերականգնումը կը համապատասխանէ Ռուսիոյ շահերուն. Փութին

ԱՄՆ-ի հետ յարաբերութիւններու ամբողջական վերականգնումը կը համապատասխանէ Ռուսիոյ շահերուն. Փութին

Ռուսիան իրեն իրաւունք կը վերապահէ առաջնորդուելու իր ազգային շահերով, որոնց մէջ կը մտնէ նաեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն հետ յարաբերութիւններու ամբողջական վերականգնումը։ Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը, այդ մասին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը «Վալտայի» համաժողովի ընթացքին ունեցած ելոյթին ժամանակ։

 

«Մենք կը տեսնենք, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու այսօրուան վարչակազմը կը ղեկավարուի առաջին հերթին իր սեփական երկրի շահերով՝ այնպէս, ինչպէս ան զանոնք կը հասկնայ»,– ըսած է Փութին։

Անոր խօսքով՝ այս մէկը տրամաբանական մօտեցում է։

 

Նախագահը ընդգծած է, որ Ռուսիան եւս իրաւունք ունի առաջնորդուելու իր ազգային շահերով։ Ատոնց շարքին ան նշած է նաեւ՝ յարաբերութիւններու ամբողջական վերականգնումը Միացեալ Նահանգներու հետ։