Գերմանիոյ նախագահ Ֆրանք-Վալթեր Շթայնմայերը 3 մարտին Պերլինի մէջ կ'ընդունի Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը: Այս մասին կը տեղեկացնէ Գերմանիոյ նախագահի մամլոյ ծառայութիւնը։
Բանակցութիւններու օրակարգին մասին աղբիւրը մարամասներ չի յայտներ։ Հայաստանի կառավարութիւնը առայժմ չի տեղեկացներ սպասուող այցի մասին։ Վերջին անգամ Հայաստանի վարչապետը Պերլին այցելած է մինչեւ 44-օրեայ պատերազմը։