Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան ներկայութիւնը կը կարգաւորուի փոխադարձ պաշտօնական նամակներով, ունինք պայմանաւորուածութիւն, որ այդ առաքելութեան ներկայութիւնը կարգաւորող պայմանագիր պէտք է քննարկուի, բանակցուի եւ ստորագրուի:
Այս մասին ըսած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ Պերլինի մէջ Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի հետ ասուլիսի ժամանակ:
Փաշինեան պարզաբանած է, թէ երբ հնարաւոր է իր նշած պայմանագրի ստորագրումը. «Երբ որ մենք կը բանակցենք եւ ընդհանուր համաձայնութեան կը գանք ձեռք բերուած համաձայնութիւնների ձեւակերպումների շուրջ»: