Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան թուիթըրեան գրառմամբ անդրադարձած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի հեռախօսազրոյցին։
«Նախագահ Էրտողանի եւ Հայաստանի վարչապետ Փաշինեանի հեռախօսազրոյցը յուսամ կ'արագացնէ երկու երկիրներու միջեւ ընթացող կարգաւորման գործընթացը»,– գրած է ան։
Յիշեցնենք, որ հեռախօսազրոյցի ժամանակ վարչապետ Փաշինեան շնորհաւորած է Էրտողանը Պայրամի տօնի առիթով, իսկ Թուրքիոյ նախագահը շնորհաւորած է Հայաստանի վարչապետը գալիք Վարդավառի՝ Յիսուս Քրիստոսի Պայծառակերպութեան տօնի առթիւ։
Ղեկավարներն ընդգծած են իրենց երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման երկկողմ գործընթացի կարեւորութիւնը, որ, ըստ անոնց, պիտի նպաստէ նաեւ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ամրապնդման։ Այս ծիրէն ներս անոնք ակնկալիք յայտնած են, որ 1 յուլիսին իրենց երկիրներու յատուկ ներկայացուցիչներու հանդիպման ժամանակ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները շուտ կեանքի կը կոչուին: