Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը հեռախօսազրոյց ունեցած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի հետ։
Ինչպէս կը տեղեկանանք ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տարածած հաղորդագրութենէն, Նիկոլ Փաշինեանը Թուրքիոյ նախագահը շնորհաւորած է «Ղուրպան Պայրամ»ի (զոհաբերութեան) տօնի առիթով։
Թուրքիոյ նախագահը Հայաստանի վարչապետը շնորհաւորած է Եւրոպական քաղաքական համայնքի գագաթնաժողովը 2026 թուականի գարնան Հայաստանի մէջ կայացնելու առիթով։
Զրուցակիցները քննարկած են Հայաստան–Թուրքիա յարաբերութիւններուն եւ տարածաշրջանային զարգացումներուն վերաբերող հարցեր, պայմանաւորուած են շարունակել երկխօսութիւնը։