image

Փաշինեան դէպի Մոսկուա. Տեղի կ՚ունենայ եռակողմ գագաթաժողով

Փաշինեան դէպի Մոսկուա. Տեղի  կ՚ունենայ  եռակողմ գագաթաժողով

Հոկտեմբեր 31-ին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան աշխատանքային այցով պիտի մեկնի Ռուսիոյ Դաշնութիւն։ Այս մասին յայտնած են ՀՀ Կառավարութենէն:

Սոչիի մէջ նախ տեղի պիտի ունենայ վարչապետ Փաշինեանի հանդիպումը Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ:Այնուհետեւ նախատեսուած է Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի առաջնորդներու եռակողմ հանդիպումը։