image

Փարիզ ներողութիւն խնդրած է Պաքուէն՝ Ատրպէյճանի դեսպանատան առջեւ հայերու բողոքի ցոյցի համար

Փարիզ ներողութիւն խնդրած է Պաքուէն՝ Ատրպէյճանի դեսպանատան առջեւ հայերու բողոքի ցոյցի համար

Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը ցաւի Ատրպէյճանի դիւանագիտական ներկայացուցչութեան դիմաց գրանցուած «անընդունելի միջադէպերու» համար։ Այս մասին յայտարարած է Ֆրանսայի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան մամուլի ծառայութիւնը։

Երկրի ԱԳՆ–ն շեշտած է, որ կառավարութիւնը ձեռնարկած է ատրպէյճանական դեսպանատան անվտանգութեան համար բոլոր միջոցները։

Նշենք, որ մի քանի օր առաջ Ֆրանսայի հայերը բողոքի ցոյց կազմակերպած էին ատրպէյճանական յարձակման կապակցութեամբ։ Ցուցարարները պնդած էին, որ դիւանագէտները վիրաւորած են իրենց եւ անպարկեշտ ժեստեր ցոյց տուած պատուհանէն։