image

«Հանքարդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ կանանց ներգրաւումը բազում առումներով դրական արդիւնքներու կը հանգեցնէ..» Աննա Սաղապալեան

«Հանքարդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ կանանց ներգրաւումը բազում առումներով դրական արդիւնքներու կը հանգեցնէ..» Աննա Սաղապալեան

Ի՜նչքան գեղեցիկ ծաղկեփունջերով մեր հասարակութիւնը դիմաւորեց 8 Մարտի տօնը, որ սոսկական տօն մը հանդիսանելէ անդին իր մէջ կը կրէ յստակ եւ ուղենշային պատգամներ։

Ի հարկէ միայն տօնական առիթը, տօնը ընկալելու եւ անով ուրախութիւն մը ապրելու պատեհութիւնը չեն այդ լուսաշող օրուան ցոլքերը այլ աւելին։ Ինչպէս ամէն հասարակութիւն Հայաստանի հասարակութիւնը եւս լիարժէք կերպով կ՚արժէւորէ, կը պահպանէ եւ իր մէջ կ՚ընդելուզէ հասարակութեան կարեւոր բաղադրիչին ՝ կին սեռին դերն ու նշանակութիւնը։

Անշուշտ այդ առումով յաճախ նկատելի կը դառնան բացթողումներ, անտեսումներ, եւ որոշակիօրէն տարբեր ոլորտներու մէջ լոյսին կը տրուին տարբերակումներ։

Սակայն այդ խնդիրները մէկդի դնելով հանդերձ կին արարածը կը շարունակէ իր պայքարը, կը շարունակէ իր դերակատարութիւնը եւ անով արդէն մեզի բոլորիս համար կը բանայ ընկալումներու եւ յոյսի նոր դռներ։

Կինը միայն մայրիշխանութեան խորհրդանիշը, կամ օճախը ապահով երդիքի մը տակ պահպանող, բժիշկ ու հրամանատար աշխարհ բերող էակը չէ, այլ այդ բոլոր ընթացքներուն մէջ իր նուիրական ձեռագիրը, իր տեսակը եւ էութիւնը փոխանցիկ դարձնող մօր կերպարն է, որուն շնորհիւ ալ սերունդները պիտի աճին եւ տան այն ինչ որ ճիշդ է, նպատակասլաց ու հայրենակերտ։

Ու այս առումով ալ համեմատած մօտիկ անցեալի ժամանակներուն այսօրուան կտրուածքով կին արարածը ու մասնաւորապէս Հայաստանի հասարակութեան անմասն մասնիկ հանդիսացող հայ կինը դուրս եկած է փակ պարունակէն եւ կը շարունակէ իր երթը յաջողութեամբ եւ նուաճումներով։

Այս բոլորը յաւելեալ յստակութեամբ մը մեր ընթերցող հասարակութեան ներկայացնելու նպատակով օրերս ունեցանք զրոյց մը Աննա Սաղապալեանին հետ։

Կանանց դերին, այդ դերը ճիշդ կերպով հունաւորելու եւ այդ հունով ստեղծուած ու կերտուած արժէքներուն մասին խօսեցաւ Տիկին Սաղապալեանը, անշուշտ միշտ շեշտը դնելով յաջողելու գրաւականին վրայ, որն այս պարագային միս ու արիւն ստացած է յատկապէս «Զանգեզուրի պղնձամոլիբդենային կոմբինատ»ին ներս, ուր Տիկին Սաղապալեան կը վարէ կազմակերպութեան «Կայուն զարգացման» գծով տնօրէնի տեղակալի պաշտօն։

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ Աննա Սաղապալեանը։

Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ Աննա Սաղաբալեան ունի աւելի քան 20 տարուան փորձ նախ՝ լրատւութեան, հանրային կապերու, ապա նաեւ՝ կայուն զարգացման ոլորտի մէջ։ Մօտ 10 տարի (1999-2008) եղած է «Ազատութիւն» ռատիոկայանի լրագրող եւ խմբագիր։ Անկէ ետք աշխատած է «Սիվիլիթաս» հիմնադրամի մէջ՝ որպէս հանրային կապերու համակարգող։ 2012-2020 թուականներուն աշխատած է «Լիդիան Արմենիա» ընկերութեան մէջ, նախ՝ որպէս հանրային կապերու տնօրէն, ապա՝ հաղորդակցութեան եւ հանրային կապերու տնօրէն։ 2021-22 թուականներուն ընդգրկուած եղած է Հանքարդիւնաբերութեան ոլորտի ռազմավարութեան մշակման փորձագիտական խումբի մէջ։ Մատուցած է հաղորդակցութեան եւ կայուն զարգացման ոլորոտի մէջ խորհրդատուական ծառայութիւններ հանրային եւ մասնաւոր հատուածներուն։ 2022 թուականէն «Զանգեզուրի պղնձամոլիբդենային կոմբինատ»ի «Կայուն զարգացման» գծով տնօրէնի տեղակալն է։ Կայուն զարգացման, հանքարդիւնաբերութեան ոլորտի վերաբերեալ քանի մը յօդուածներու հեղինակ է, ունի մագիստորսի աստիճան ընկերութիւններու հաղորդակցութեան ոլորտի մէջ՝ Ռոթըրտամի կառավարման դպրոցէն։

 

-Տիկին Սաղապալեան, վերջերս Mining.com կայքին մէջ անգլերէն լեզուով յօդուած մը հրապարակած էիք, ուր կը շեշտադրէիք, թէ ինչո՛ւ կանայք կը հեռանան հանքարդիւնաբերութեան ոլորտէն՝ ոլորտը վերածելով «արական սեռի ոլորտի մը»։

Հանքարդիւնաբերութիւնը աւանդաբար «տղամարդու ոլորտ» մը եղած է, ոչ միայն Հայաստանի մէջ։ Նախ, քանի որ ասկէ հարիւր տարի առաջ ան առնչուած էր բարդ աշխատանքի հետ, որուն համար ուժի կարիքը կար եւ շատ բան ձեռքով կը կատարուէր։ Բայց վերջին քանի մը տասնամեակներու ընթացքին, հանքարդիւնաբերութիւնը շատ զարգացաւ, եւ այլեւս ձեռքի ուժի կարիքը չկայ, ամէն բան համակարգչայնացած է, մեքենայնացուած է, եւ արհեստագիտութիւնը շատ զարգացած է։ Բայց եւ այնպէս վերը նշուած ընկալումը տակաւին կայ, որ այս տղամարդու ոլորտ է։ Հիմա, աշխարհի մէջ ամէն տեղ կը փորձեն կանանց ներգրաւել։ Ինչո՞ւ։ Երկու պատճառով՝ նախ եթէ միայն տղամարդոցմէ ընտրութիւն կատարես, աշխատաշուկայէն մասնագէտներ՝ տաղանդներ (talent pool) ներգրաւելու հաւանականութիւնը ինքնաբերաբար կը նուազի։ Հետեւաբար, բոլոր ոլորտներու մէջ կ՚ուզեն կանանց ներգրաւել, որպէսզի մասնագէտներու թիւը շատ ըլլայ եւ ընտրութիւն կատարելու հնարաւորութիւնը՝ մեծ։ Երկրորդ՝ կան բազմաթիւ հետազօտութիւններ, որոնք ցոյց կու տան, թէ այն ընկերութիւններուն մէջ, ինչպէս նաեւ հանքարդիւնաբերութեան, ուր կանայք շատ են, յատկապէս ղեկավար պաշտօններու վրայ, բաւական լաւ ֆինանսական յաջողութիւններ կ՚արձանագրեն։ Դարձեալ նոյն պատճառով, քանի որ այդ ընկերութիւնները կրցած են աշխատաշուկայէն ներգրաւել լաւագոյն մասնագէտները, չսահմանափակուելով տղամարդոցմով։ Երրորդը՝ համայնքներու մէջ կանանց ներգրաւածութիւնն է։ Հանքարդիւնաբերութիւնը շատ համայնքակեդրոն ոլորտ է՝ գիւղի եւ քաղաքի կից, մայրաքաղաքէն հեռու։ Դարձեալ ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, որ այն համայնքներուն մէջ, ուր մեծ թիւով կանայք ներգրաւած են այդ համայնքներուն վրայ ազդեցութիւնը աւելի լաւ է։ Բացատրութիւնն այն է, թէ կինը ստացած գումարը կը տանի ընտանիք՝ աւելի ընտանիքակեդրոն կը կառավարէ իր դրամը եւ աւելի արդիւնաւէտօրէն կը ծախսէ իր գումարը։

 

-Այս ոլորտը ինծի համար բաւական նոր էր։ Հանքարդիւնաբերութեան մասին երբ սկսայ կարդալ, նկատեցի, որ վերջին ժամանակներուն, Հայաստանի մէջ շատ կը շեշտուի «Կայուն զարգացում» հասկացողութիւնը։ Խնդրեմ ընթեցողին հակիրճ ձեւով ներկայացնէք, թէ ի՞նչ է «Կայուն զարգացում»ը եւ ի՞նչ բանով այն առնչուած է հանքարդիւնաբերութեան հետ։

«Կայուն զարգացում»ը առնչուած է բոլոր ոլորտներու հետ, ոչ միայն հանքարդիւնաբերութեան։ Այսօր «Կայուն զարգացման» մասին կը խօսին բոլոր ոլորտները՝ գիւղատնտեսութիւնը, կտաւագործութիւնը, ծանր արդիւնաբերութիւնը, թեթեւ արդիւնաբերութիւնը, եւ այլ ոլորտներ։ «Կայուն զարգացում»ը հետեւեալի մասին է՝ այնպէս կառավարել ձեր գործունէութիւնը, որուն արդիւնքով վնասները աւելի քիչ ըլլան եւ օգուտները՝ հնարաւորինս շատ։ Վնասները փոխակերպուին օգուտներով, ուր որ այն հնարաւոր է՝ համայնքի համար, հասարակութեան համար, մոլորակի համար։ Այդ այն մասին է, թէ ինչպէս պէտք է կառավարել ընկերային ազդեցութիւնը, որպէսզի այդ մէկը դրական ըլլայ, ինչպէս կառավարել բնապահպանական ազդեցութիւնը, ոչ միայն հանքարդիւնաբերութեան ոլորտի մէջ։ Մեզի կը թուի, որ հանքարդիւնաբերութիւնը ի սկզբանէ խոցելի ոլորտ է, ուրեմն հոն աւելի շատ պէտք է ըլլայ «Կայուն զարգացման» ուղուածութիւնը, սակայն այդպէս չէ։ Իրականութեան մէջ, այսօր գիւղատնտեսութիւնը լուրջ խնդիրներու մէջ է, թէ՛ անտառներու նուազեցման առումով, թէ ջուրի անարդիւնաւէտ օգտագործման առումով, թէ ժանտասպաններու (pesticides) օգտագործման առումով, որ կ՚ազդէ հողի որակին վրայ։ Կայ նաեւ կտաւագործութեան (textile) ոլորտը, ուր ահռելի թիւեր կան, տարեկան միլիոնաւոր թոներու չվաճառուած կտաւներու ոչնչացման մասին։ Այդ աւելորդ արտադրանքը բնութեան վրայ կ՚ազդէ։ Յետոյ անոնց ոչնչացումը, որ բնականաբար իր հետ կը բերէ տարբեր խնդիրներ։ Բոլոր ոլորտներն այդ գործելաոճին ՝ «Կայուն զարգացման» գործելաոճին կարիքն ունին։ Գալով հանքարդիւնաբերութեան Հայաստանի մէջ վաղուց այդ մասին կը խօսուի, որ մէկ կողմէն լաւ է, քանի որ կը մղէ որ ընկերութիւնները մեծ ջանքեր դնեն այս խնդիրը լուծելու ուղութեամբ, սակայն միւս կողմէ լաւ չէ, երբ միայն հանքարդիւնաբերութեան ոլորտի մասին կը խօսուի, քանի որ միւս ոլորտներն ալ անոր կարիքը ունին։ «Կայուն զարգացում»ը դարձաւ երեք հիմնական խնդիրներու վրայ զարգացած հայեցակարգ՝ բնապահպանութիւն, ընկերային ազդեցութիւն, որուն մէջ կը մտնէ ե՛ւ առողջութիւնը, եւ աշխատակիցներու անվտանգութիւնը, եւ համայնքներու բարեկեցութիւնը։ Իսկ երրորդը՝ կառավարչականն (վարչարարական) է, այսինքն ընկերութիւնը ինչպէս կը կառավարուի, որքանով թափանցիկ է, որքան հաշուետու են հոն կայացուած որոշումները, եւ այլն։

 

-Պատերազմի հետեւանքով Հայաստանի առջեւ ծառացաւ սահմանային անվտանգութեան խնդիրը։ Ինչպէս նշեցիք, որ մեր հանքերուն մեծ մասը կը գտնուի հեռաւոր շրջաններուն մէջ, նոյնիսկ կարգ մը պարագաներուն, անոնց եղած վայրը խոցելի կէտեր են։ Այդ առումով ի՞նչ կը մտածէք։ Ի՞նչ են վտանգները։ Այն կազմակերպութիւնը՝ ԶՊՄԿ-ն- ինչ որ առաջադրանքներ ունի՞ այդ վտանգները նուազեցնելու համար։ 

Չեմ կրնար կազմակերպութեան անունով նման բան ըսել, բայց կրնամ ըսել հետեւեալը՝ նախ Հայաստանի մէջ տարածուած կարծիք կայ, որ հանքարդիւնաբերութիւնը մեծ է, հանքերը շատ են։ Բայց իրականութեան մէջ, այդպէս չէ։ Մենք այսօր ունինք միայն Զանգեզուրի պղնձամոլիբթէնային հանքը, որ կարելի է համարել մետաղական մեծ հանք։ Մետաղական գործող հանքերու քանակը այս պահուն 3-4 հատ է, որոնք փոքր մաշտապի արդիւնաբերական ծրագիրներ են։ Անվտանգութեան տեսանկիւնէն կրնամ ըսել, որ եթէ Զանգեզուրի հանքին մաշտապին պէս Հայաստանի մէջ ունենայինք եւս երկու-երեք հանքեր՝ որակապէս այլ տնտեսութիւն եւ հնարաւորութիւններ կ՚ունենայինք։ Անվտանգութեան տեսանկիւնէն, հանքարդիւնաբերութեան ոլորտը այն ոլորտն է, որուն ցաւօք շատ ուշադրութիւն չէ դարձուած։ Ցաւօք ներդրումները շատ չեն։ Անվտանգութեան տեսանկիւնէն կարեւոր է, որ մենք կարողանանք ճիշդ զարգացնել այս ոլորտը, ունենալ ճիշդ ներդրումներ, մանաւանդ այսօր, երբ պահանջարկը կը մեծնայ։ Նաեւ պէտք է ունենալ տնտեսական տեսանկիւնէն քանի մը այլ արդիւնաւէտ հանքարդիւնաբերական ծրագիրներ, քանի որ սահմանի ամրութիւնը ուղիղ կապուած է տնտեսութեան ամրութեան հետ։ Փոխկապակցուած են անվտանգութիւնն ու հզօր տնտեսութիւնը։

 

-Սփիւռքի մէջ, քանի մը հայրենակիցներ հասած են որոշ դիրքերու հանքարդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ։ Սակայն զգալի է, որ Սփիւռքը տակաւին այս ոլորտը չէ ճանչցած, երբ այն դարու եկամտաբեր գործօններէն մէկն է։ Այդ առումով ի՞նչ կը մտածէք։

Այո, մեծ բաց կայ այս առումով եւ խնդիրը երկուստեք է։ Պէտք է գործնական կապ հաստատենք Սփիւռքի մասնագէտներուն եւ իրենց ոլորտին մէջ կայացած անձերու հետ, ինչպէս հանքարդիւնաբերական ոլորտի մէջ։ Շատ կարեւոր է, որ Սփիւռքը սկսի նաեւ Հայաստանին վերաբերուիլ, որպէս ներդրում ընելու, «փող աշխատել»ու հնարաւորութիւն, որովհետեւ միայն այդտեղ է որ գործնական արդիւնքի կարելի է հասնիլ։ Ժամանակին շատ սփիւռքահայեր նաեւ վատ փորձառութիւն ունեցած են՝ գալով այստեղ ներդրում ըրած եւ ինչ-ինչ պատճառներով կորսնցուցած են իրենց գումարները։ Գուցէ այդ է պատճառը, որ իննսունականներէն ետք երթալով նուազեցաւ նման մարդոց Հայաստան գալը։ Սակայն այս մէկը պէտք է վերականգնել եւ սրբագրել։ Հայաստանը պէտք է դառնայ այն տեղը, ուր անձը ոչ միայն կու գայ զբօսնելու եւ բարեգործութիւն ընելու, այլեւ ներդրում ընելու եւ տնտեսական օգուտ շահելու։ Այդ արդիւնքով է միայն, որ կրնան նաեւ գալ մասնագէտ մարդիկ, որոնք կը բերեն իրենց ունակութիւնները, կարողութիւններն ու գիտելիքները։

 

Հարցազրոյցը՝ Սագօ Արեանի