Նշենք նաեւ, որ վերոնշեալ գործընկերներու նեցուկով կարելի պիտի ըլլայ Պուրճ Համուտի ծովեզերեայ շրջանին մէջ կառուցել կեղտաջուրի վերամշակման հիմնական գործարան մը, որ դրական մեծ քայլ պիտի համարուի շրջանի ամբողջ բնակչութեան համար։
Պէյրութի հայահոծ Պուրճ Համուտ շրջանի բարօրութեան, ինչպէս նաեւ շրջակայ հատուածներուն զարգացումն ապահովելու հետամուտ քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան կը շարունակէ առաջ մղել հիմնարար ծրագիրներ։
Այս առումով ալ քաղաքապետը օրերս ընդունած է Եւրոպական Ներդրումային դրամատան եւ զարգացման խորհուրդի պատուիրակութիւն մը։
«Արեւելք» այս մասին վերահասու դարձաւ Քաղաքապետարանի դիմատետրեան էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝
Օրերս Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան ընդունած է Եւրոպական ներդրումային դրամատան եւ Զարգացման եւ վերակառուցման խորհուրդի միացեալ պատուիրակութիւնը՝ քննարկելու Պուրճ Համուտի ծովափին կեղտաջրերի մաքրման կայանի ծրագրի հեռանկարները:
Սոյն Պատուիրակութեան կազմին մէջ եղած Զարգացման եւ վերակառուցման խորհրդի անդամներ՝ պարոնայք Յուսէֆ Քարամ եւ Յուսէֆ Ազիզ, Եւրոպական ներդրումային դրամատան Լիբանանի ներկայացուցիչ , Մարիա Դիամանտի, նույն դրամատան ջրային պաշարներու բաժնի ճարտարապետ՝, Ինմակուլատա Մարտինես, ինչպէս նաեւ Եւրոպական ներդրումային դրամատան Mashreq Unit-ի ղեկավար եւ խորհրդատու պարոն Էլիաս Տաուտ։
Քաղաքապետը իր գոհունակութիւնը յայտնած է է ծրագրի ուսումնասիրութիւններու վերսկսման կապակցութեամբ։Ան նաեւ բարձր գնահատած է Եւրոպական Զարգացման և վերակառուցման խորհուրդին տարած ջանքերուն համար, որոնք կը գործադրուին Պէյրութի եւ Մեթնի ափերու բնակիչներու բարօր կենցաղը ապահովելու նպատակով։
Նշենք նաեւ, որ վերոնշեալ գործընկերներու նեցուկով կարելի պիտի ըլլայ Պուրճ Համուտի ծովեզերեայ շրջանին մէջ կառուցել կեղտաջուրի վերամշակման հիմնական գործարան մը, որ դրական մեծ քայլ պիտի համարուի շրջանի ամբողջ բնակչութեան համար։