image

Պէյրութի մէջ Սերոբ եւ Սեպասթիան եղբայրները հրաշքով փրկուած են տան մէջ ծագած հրդեհէն (Լուսանկարներ)

Պէյրութի մէջ Սերոբ եւ Սեպասթիան եղբայրները հրաշքով փրկուած են տան մէջ ծագած հրդեհէն (Լուսանկարներ)

Լիբանանի մէջ ստեղծուած իրադրութիւնը առանց այս բոլորին ալ ծանր վիճակ մըն է մեր հայրենակիցներուն՝ Սերոբեաններու ընտանիքի վեց անդամներուն համար, իսկ այս աղէտալի հրդեհը աւելիով վատթարացուցած է անոնց վիճակը եւ այսօր անոնք կարիքն ունին բոլոր տեսակի օգնութեան։

Պէյրութի հայահոծ Պուրճ Համուտ շրջանին մէջ գտնուող Սերոբեաններու բնակարանը հրոյ ճարակ դարձած է։ 

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Պէյրութի իր աղբիւրէն։

Մեր ունեցած տուեալներով հրդեհը ծագած է Նոր Մարաշ թաղամասի բնակելի շէնքի մը վերջին յարկին մէջ, ուր կը բնակի Սերոբեաններու ընտանիքը (Ինքնութեան թուղթերուն մէջ նշուած իբրեւ Սերոբ)։

Այս պատմութեան մէջ ամենասարսափելին այն է, որ հրդեհը ծագած է երբ տան մէջ բնակող փոքրիկներէն մին կը գտնուէր իր սենեակին մէջ, իսկ տնեցիք հրդեհը զգացած են միայն անոր լացի ձայները լսելէ ետք։

Բնակարանը գտնուող ընտանիքի դուստր՝ Սիփանը հազիւ հազ կարողացած է փրկել երեխանները , իր մայրիկը Լենան (որ քալելու դժուարութիւն ունի) եւ ամէն ինչ թողելով իջած են բնակարանէն (ի դէպ բնակարանին մէջ կ՚ապրին երեխաներու ծնողները՝ Սթիվն ու Քրիստինէն)։

Հրշէջ մարմիններ հասած են դէպքի վայր, ու աւելի ուշ պարզ դարձած է, որ ամբողջ բնակարանի իրերը, սկսած հագուստնեերէն մինչեւ սովորական խոհանոցի իրեր մէկ խօսքով ածուխի վերածուած են։

Այս բոլորէն անդին այսօր պարզուած վիճակը բաւական ծանր է մեր հայրենակիցներուն համար ու անոնք կարիքն ունին մեր բոլորի օգնութեան։ Հագուստներ, պիտանի իրեր, երեխաներու հագուստներ, տնային կահ-կարասի գրեթէ ամէն ինչ դարձած է մոխիր ու անոնք մէկ խօսքով կարիքն ունին մեր բոլորի ուշադրութեան եւ հոգածութեան։

Օժանդակութիւններ հասցնելու հարցով կարող էք գրել նաեւ «Արեւելք»ի թելեկրամեան ալիքի ՝ «Պոթ»ին։

Լիբանանի մէջ ստեղծուած իրադրութիւնը առանց այս բոլորին ալ ծանր վիճակ մըն է մեր հայրենակիցներուն՝ Սերոբեաններու  ընտանիքի վեց անդամներուն՝ համար, իսկ այս աղէտալի հրդեհը ավելիով վատթարացուցած է անոնց վիճակը եւ այսօր անոնք կարիքն ունին բոլոր տեսակի օգնութեան։