Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարանէն օրերս լոյս տեսած է Քեսապի նուիրեալներէն՝ Օվսիա Սաղտըճեանի, (յայտնի՝ «Քեսապի Տայի» անունով) կեանքին մասին պատմող հատորը։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Սեւակ Փանոսեանի դիմատետրի էջէն (ի դէպ Սեւակը թոռնիկն է Քեսապցի նուիրեալին)։
Այս առթիւ ալ Փանոսեան կարճ գրառում մը կատարած է նշելով ՝
«Մեծ ուրախութեամբ պիտի նշեմ, որ որպէս յարգանքի տուրք հրատարկուեցաւ «Քեսապի Տային»ի գիրքը, որ կը ներկայացնէ նուիրեալին ժառանգութիւնը:
Գիրքը մօրս երկար տարիներու մեծ երազն էր եւ անոր անդուլ ջանքերուն շնորհիւ էր, որ կարելի եղաւ տպել այն։ Շնորհակալութեան մեծ խօսք ունիմ ըսելիք Տիար Կարօ Յովհաննէսեանին, առանց որուն ճիգերուն անհնար պիտի ըլլար նման հատոր մը լոյսին տալ»։