image

Պէյրութի մէջ. Իսրայէլ ծանր հարուած տուաւ՝ «Համաս»ին. Զոհուած է «Համաս»ի առաջնորդներէն՝ Սալէհ Ալ Արուրի

Պէյրութի մէջ. Իսրայէլ ծանր հարուած տուաւ՝ «Համաս»ին.  Զոհուած է «Համաս»ի առաջնորդներէն՝ Սալէհ Ալ Արուրի

Իսրայէլեան օդուժը   ծանր հարուած մը տուաւ  «Համաս»ի  Լիբանանի կառոյցին։

Յետմիջօրէի ժամերուն իսրայէլեան  կործանիչ մը երեք հրթիռներ արձակեց Պէյրութի Հարաւային հատուածի «Մըշարաֆիյէ» շրջանին մէջ գտնուող «Համաս»ի մէկ կեդրոնին։

Դէպքէն անմիջապէս ետք տարաբնոյթ լուրեր տարածուեցան,  որոնք կը խօսէին  «Համաս»ի տարբեր պատասխանատուներու թիրախ դառնալուն մասին, իսկ  աւելի ուշ պարզ դարձաւ, որ թիրախ դարձածը «Համաս»ի  յայտնի գործիչներէն՝ Սալէհ Ալ Արուրին է։

Արուրի կը համարուի  անցնող հոկտեմբերին «Համաս»ի կողմէ նախաձեռնուած «Ալ Աքսայի հեղեղ» գործողութեան  ու միեւնոյն ժամանակ ան եղած է կապը մէկ կողմէ «Համաս»ի, իսկ միւս կողմէ «Հեզպոլլահ»ի եւ Իրանի միջեւ։

 

 Արուրիի կողքին զոհուեցան   հինգ ուրիշներ, որոնց երկուքը «Համաս»ի  ռազմական  պատասխանատուներ են։

  Վերլուծաբաններ, որոնք վտանգաւոր համարեցին եղած զարգացումը, չբացառաեցին, որ մասնաւորապէս «Հեզպոլլահ»ը կրնայ    դիմադարձել իսրայէլեան այս հարուածին։

 Կը նշուի նաեւ, որ Իսրայէլի կառավարութիւնը գլխաւորութեամբ՝ Բէնիամին Նաթանիահուին տարբեր առիթներ  յայտարարութիւններ կատարած էր Արուրիի մասին, զինք համարելով  «Համաս»ի վտանգաւոր  դէմքերէն մին։