image

Պէյրութի մէջ հարիւրաւոր աշակերտներ բողոքի ցոյց կը կատարեն

Պէյրութի  մէջ  հարիւրաւոր  աշակերտներ  բողոքի  ցոյց կը   կատարեն

Մինչ  երկրին մէջ   նոր կառավարութիւն կազմելու   տագնապը կը շարունակուի,  այսօր   հարիւրաւոր   աշակերտներ  բողոքի  ցոյցեր   կը կատարեն։

Աշակերտներու    ցոյցերէն    բացի      հարիւրաւոր  երիտասարդներ այսօր առաւօտեան  ժամերէն սկսեալ    փակած են տասնեակ     ճանապարհներ։

Ըստ  VDL  կայանին այս  առաւօտ  փակուած են Հազմիյէի,  Ճհիթայի,  Զուհ Մոսպէհի, Զահլէի եւ  Պէյրութի  գլխաւոր մարզակայան  տանող ճանապարհները։

Կը  նշուի նաեւ, որ   կարգ մը շրջաններու մէջ  ցուցարարները     անիւներ  վառելով  կը փորձեն   փակ պահել   ճանապարհները, իսկ ապահովական  մարմիններու կողմէ   յստակ եւ գործնական քայլեր  ցարդ չեն  իրականացուիր՝ վերաբանալու համար  փակ եկող   ճանապարհները։