image

Պէյրութի մէջ. Աւետիս Երեմեանի կորուստը

Պէյրութի մէջ. Աւետիս Երեմեանի  կորուստը

Պէյրութի մէջ իր մահկանացուն կնքած է  ՀՄՄ-ի Պէյրութի ընտանիքի նուիրեալ անդամներէն Աւետիս Երեմեանը։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ ՀՄՄ-ի Պէյրութի դիմատետրեան էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է ՝

 

Հ.Մ.Մ. Թոմարզայի տարիներու ատենապետ, Սին Էլ Ֆիլի քաղաքապետարանի անդամ և նուիրեալ Հ.Մ.Մ.-ական Ընկ. Աւետիս Երեմեանի մահուան տխուր առիթով՝

Հ.Մ.Մ. Պէյրութի մեծ ընտանիքը իր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնէ հանգուցեալի տիկնոջ, զաւակներուն եւ ընտանեկան պարագաներուն։