image

Պէնզինի նոր սակը ... 200 հազա՞ր լիբանանեան ոսկի

 Պէնզինի նոր սակը  ... 200  հազա՞ր լիբանանեան ոսկի

 Պէնզինի նոր սակը  ... 200  հազա՞ր լիբանանեան ոսկիի

 Լիբանանի մէջ վառելանիւթի նոր սակեր սահմանուած են։

 

 Այս մասին   «Արեւելք»  տեղեկացաւ «Էլ. Պի. Սի. Այ.» կայանէն։

 

 Աղբիւրը մասնաւորաբար հաղորդեց, որ պէնզինի սակերը  այսօր տնօրինուած են   որպէս տոլարի  գին նկատի առնելով 12.000  լիբանանեան ոսկի եւ այդպիսով  մէկ թիթեղ պէնզինը  վաճառուած է   175.000 լիբանանեան ոսկիի։

 

   Կայանի լրագրողը, որ այս մասին ալ կարճ  ռէբորթաժ մը կատարած է ըսած է, որ այս սակագիները ոչ մէկ կերպ պիտի լուծեն երկրի տարածքով մէկ առկայ  վառելանիւթի սուր տագնապը։

 

 Նշենք, որ աւելի վաղ լիբանանեան մէկէ աւելի աղբիւրներ տեղեկութիւն տարածած էին, որ պէնզինի սակը կրնայ հասնիլ մինչեւ  300.000 լիբանանեան ոսկի։