image

Պայտընի «միակ տարտ»ը «Հըզպալլա՞»ն է

Պայտընի «միակ տարտ»ը «Հըզպալլա՞»ն է

 Կը թուի, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի միակ տարտն ու ցաւը «Հըզպալլա»ի զէնքն է։ 

 

 Անշուշտ այս «վերյիշեցում»ը կը կատարենք այն պահուն, երբ ԱՄՆ-ի բարձրագոյն ղեկավարութիւնը վերանորոգած է Լիբանանի համար առկայ «Ազգային անվտանգութեան համար արտակարգ երկիր» խորագրով օրէնքը, որուն մէջ ալ մանրամասնօրէն նշուած է, թէ «Հըզպալլա»ն կը շարունակէ Իրանէն արդիական եւ շրջանային կարեւորութիւն ներկայացնող զէնքերու կուտակումը։

 

 Երէկ Սպիտակ Տան կողմէ հրապարակուած այս որոշումը, թէկուզեւ չի նշէր, որ վերջին շրջանին «Հըզպալլա»ն որ ճամբով եւ ինչ տիպի զէնքեր ստացած է, բայց եւ այնպէս յայտարարութեան շեշտադրումներէն կը հասկցուի, որ Ամերիկայի միակ տարտն ու գործը «Հըզպալլա»ի ուժական ներկայութիւնն է։

 Մինչ Լիբանանը «կը մղկտայ» իր ցաւերուն մէջ, անդին աշխարհի «տէրն ու տիրական»ը ներկայացող հզօր Ամերիկան, մոմ մը վառելու, եւ օգնութեան ձեռք մը երկարելու փոխարէն բոլորիս կը յիշեցնէ, որ իրենց՝ ամերիկացիներուն համար կայ մէկ գերխնդիր, եւ այդ խնդիրը կը կոչուի Իսրայէլի անվտանգութիւնը։

 

 Ու այս բոլորի կողքին, երբեք ալ պատահական չէ, որ ամերիկեան կողմէն եղած յայտարարութիւնները կը հնչեն Իսրայէլի կողմէ Լիբանանի դէմ եղած 33-օրեայ պատերազմի 15-րդ տարեդարձի օրերուն։

 

 

 Լիբանան կը ցաւի, սակայն Միացեալ Նահանգներ կը խօսի Իսրայէլի «ցաւ»երուն մասին։ 

 

 Լիբանան սնանկութեան եւ սովի շեմին է, սակայն արեւմտեան պլոքին համար էականը «Հըզպալլա»ն «հրէշացնել»ն է։ 

 

 Սովորական ու պարզ Լիբանանի քաղաքացին կը տագնապի, սակայն հիմնականը Մերձաւոր Արեւելեան զէնքի եւ ուժի կշիռներու «ստատուս քւո»ի պաշտպանումն է։ 

 

 Անշուշտ այս բոլորը տեղի կ՚ունենան նաեւ այն պատճառով, որ ոչ Թէլ Աւիւ, ոչ ալ Ուաշինկթըն մինչեւ հիմա մարսած են 2006 թուականի պատերազմին հետեւանքները, հակառակ անոր որ Ուաշինկթըն ի սպառ կը փորձէ այդ հակամարտութեան վերաբերեալ «չէզոք» դիրքերէ խօսիլ։

 

 

 Հարցը տարբեր առիթներով ու տարբեր հարթակներու վրայ ալ արծարծուած հարց է, ու աշխարհին համար աւելի քան բացայայտ է, որ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ խաղաղութեան միտուած որեւէ ծրագիր ընթացք պէտք է առնէ նախ եւ առաջ Թէլ Աւիւէն։

 

 Իսրայէլացիք կենսասէր են, իրենց պետութեան համար պայքարող մարդիկ են, սակայն յաճախ կը մոռնան, որ խաղաղ եւ կայուն կեանք մը վարելու համար, ամէն գնով ընդունելու են արաբ եւ պաղեստինցի ժողովուրդին իրաւունքները։

 Բաց աստի անոնք նաեւ պէտք է հասկնան, որ Լիբանանի հետ «խաղեր տալ»ու ժամանակը վաղուց սպառած է։ 

 Լիբանանը առաջուանը չէ. 

Լիբանանը առաջուան նման գլուխ հակելու պատրաստ չէ ու մանաւանդ, Լիբանանցի ժողովուրդի ջախջախիչ մեծամասնութեան համար երկրի դիմադրութիւնը ներկայացնող «Հըզպալլա»ն կոչուած է պաշտպանելու լիբանանցիներու արժանապատւութիւնն ու արդար իրաւունքը։

 

 

 Տարիներ առաջ, երբ իսրայէլեան թանկերուն համար ազատ պտոյտի գօտի էր Լիբանանը, շատեր առաջ կը քաշէին այն թէզը, ըստ որուն «Լիբանանի ուժը իր թուլութեան մէջ է...»։ 

 Թերի ու տկարամիտ մօտեցում էր այդ մօտեցումը, որմէ օգտուելով ալ Իսրայէլ շարունակական կերպով նախճիրներու ենթարկեց Լիբանանը, Պէյրութ ներխուժեց 1982-ին, ու այդ բոլորի կողքին ալ Լիբանանի հարաւի անզէն ժողովուրդը դարձուց զոհ ու գաղթական։

 Իսրայէլ այդպէս մօտեցաւ աշխարհի կեղծ դատապարտումները մէկիկ-մէկիկ պատռելով ու բոլորին ալ բաց թեքստով ըսելով , որ իրենց պետութիւնը «հիմնուած է արեան եւ նախճիրներ»ու վրայ, հետեւաբար իրենք ճիշդ են ու այդպէս պիտի շարունակեն առ յաւէտ։

 

 Այդ չէր բաւէր Իսրայէլ ամէն կերպ փորձեց փախստական պաղեստինցիներու թէզը «իրմով ընել», ու այդ երկսայրի սուրը խրել լիբանանցիներու կոկորդին։

 Արդիւնքը՝ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմն էր, որուն հետեւանքով ալ «Միջին Արեւելքի Փարիզ» համարուող Պէյրութը արեան մէջ խեղդուեցաւ ...

 

 Սակայն ո՜վ զարմանք, Իսրայէլի բանեցուցած ճնշումները, զէնքն ու կրակը հակառակ ազդեցութիւն տուին եւ ծնունդը տուին «Լիբանանի իսլամական դիմադրութեան», որ այս անգամ յենելով Իրանի նեցուկին ու զէնքին վրայ, կարողացաւ խաղի կանոնները փոխել ու դառնալ, ոչ միայն լիբանանեան, այլ նաեւ շրջանային ազդեցիկ ուժ։

 Անշուշտ, մինչեւ դիմադրութեան գոյացումը կարեւոր եւ նշանակալից փուլեր կան, սակայն այդ բոլորին մէջ ամենաէականն այն է, որ Լիբանանցի ժողովուրդին մեծ մասը հասկցած է, որ Իսրայէլի հետ խօսելու միակ արդիւնաւէտ միջոցը ՝ զէնքի եւ ուժի միջոցն է։ 

 Ու այդ նոր վիճակը չմարսելով ու դիմելով արեւմտեեան պլոքի իր «հարազատներու»ն Իսրայէլ դարպասեց ու դեռ ալ կը փորձէ պաշարել Լիբանանը։

 

 Այդ պաշարման անունը դուք դրէք՝ տնտեսական, ելեւմտական, դրամական, սնունդի, նաւթի եւ հոգեբանական պաշարում, սակայն նպատակը մէկն է ու այդ նապատակին թիրախը մէկն է ՝ «Հըզպալլա»ն։

 Լիբանանի վիճակը այս օրերուն ծանր է ու նաեւ զարգացումները անկանխատեսելի, ու ամենաուշագրաւն այն է, որ անոնք, որ այս պաշարումը «կերտեցին», կ՚ըմբռնեն արդեօք, որ պատերազմի դաշտերուն մէջ տեղի չտուած ու չպարտուած դիմադրութեան զինուորները, պիտի նահանջե՞ն այս պայքարին մէջ։ 

 Գեհենի օրերը, որոնք նաեւ «շինծու» օրեր են պիտի անցնին։ 

Լիբանանը դարձեալ ոտքի պիտի կանգնի, պաշարումը պիտի վերանայ ու երկիրը ամէն գնով պատժելու միտուած փորձերը պիտի  տապալին։

 Նոր չէ  Մերձաւոր Արեւելքի համար տարուող այս պայքարը, ու աւելի քան բացայայտ է, որ բոլոր անոնք, որ գրոհի եւ կրակի անունով կու գան, պարտուած ու գլխիկոր պիտի հեռանան արեւելքէն։

 Այդպէս եղած է անցեալին ու այդպէս ալ պիտի ըլլայ վաղը, էականը սակայն խաղաղութեան եւ արդարութեան հիմունքներն են, որոնք ամէն օր «կրակը կը նետուին», այն ուժերուն կողմէ, որ իբրեւ թէ աշխարհի տէրերն են։ 

 

 Սագօ Արեան 

 

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...