Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը յայտարարած է, որ ամերիկացի գործընկեր Ճօ Պայտընը պատրաստ է Թուրքիոյ F-16 կործանիչներ տրամադրելու առաջարկ ներկայացնել ԱՄՆ Քոնկրեսին: Ան այդ մասին ըսած է լրագրողներուն։
Աւելի վաղ «Hürriyet» թերթը, յղում ընելով իր աղբիւրներուն, յայտնած էր, որ Էրտողանն ու Պայտընը առաջիկային շարք մը հարցեր պիտի քննարկեն հեռախօսով, ներառեալ՝ F-16 կործանիչներու վաճառքը:
«Պայտընը նշած է, որ դրական կարծիք ունի (F-16-ի վերաբերեալ) եւ պատրաստ է իր առաջարկը ներկայացնելու Քոնկրեսին», -ըսած է Թուրքիոյ նախագահը: