Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով յայտարարած է, որ Պաքուն հայկական կողմէն կ'ակնկալէ «փոխադարձ քաղաքական կամք»՝ յաղթահարելու տարաձայնութիւնները երեք յստակ ոլորտներու մէջ, որոնք կը կազմեն երկկողմ քննարկումներու օրակարգը, կը հաղորդեն ատրպէյճանական լրատուամիջոցները։
«Այս հանգամանքներուն մէջ Հայաստանի շարունակական անօրինական ռազմական ներկայութիւնն Ատրպէյճանի ինքնիշխան տարածքներու մէջ, հետեւողական միջամտութիւնը ներքին գործերուն, Ատրպէյճանի կեդրոնական իշխանութիւններու եւ Ղարաբաղի տարածաշրջանի հայազգի բնակիչներու միջեւ երկխօսութեան խոչընդոտումը, ինչպէս նաեւ միջազգային մաշտապով զրպարտչական արշաւի իրականացումը, այդ շարքին՝ ԵԱՀԿ շրջածիրէն ներս։ Նշուած է, որ այդ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման բանակցութիւններու հիմնական խոչընդոտն է»,- գրած է ատրպէյճանական մամուլը։