image

Պայրամով կրկին անգամ կը խօսի խաղաղութեան մասին

Պայրամով կրկին անգամ կը խօսի խաղաղութեան մասին

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով Պուխարեսթի մէջ իր ռումինացի գործընկեր Լումինիցա Օտոպեսքուի հետ համատեղ ասուլիսին Հայաստանին կոչ ըրած է բաց չթողելու խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրելու հնարաւորութիւնը։ Այս մասին գրած է «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն:

«30 տարի անց ատրպէյճանական հողերու բռնագրաւման աւարտը եւ այդ հողերու նկատմամբ մեր ինքնիշխանութեան վերականգնումը նոր հեռանկարներ կը բանան Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման համար։ Այս կարգաւորումը՝ հիմնուած իրար ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ սահմաններու անձեռնմխելիութեան փոխադարձ ճանաչման եւ յարգանքի վրայ, ոչ միայն կը ծառայէ Ատրպէյճանին եւ Հայաստանին, այլեւ կ՚ապահովէ տարածաշրջանի մէջ եւ ատոր սահմաններէն դուրս համագործակցութեան չօգտագործուած հնարաւորութիւններու իրականացում։

Օգտուելով առիթէն՝ կ՚ուզեմ եւս մէկ անգամ ընդգծել Ատրպէյճանի խաղաղութեան օրակարգը։ Հակառակ կողմէն կ՚ակնկալենք կառուցողական մօտեցում եւ փոխադարձ քայլեր։ Յոյս ունինք, որ այս առանձնայատուկ առիթը բաց չի ձգուիր»,-ըսած է Պայրամով։