image
Հրատապ լուրեր:

Պայրամով դժգոհ է Եւրոպայի մօտեցումներէն

Պայրամով դժգոհ է Եւրոպայի մօտեցումներէն

Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ սկզբունքներու յարգման վրայ հիմնուած բարիդրացիական յարաբերութիւններու հաստատումը Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման միակ ճանապարհն է։

Այս մասին դեկտեմբեր 11-ին Պրիւքսէլի մէջ Եւրոմիութեան արտաքին յարաբերութիւններու գծով բարձրագոյն յանձնակատար Ժոզեփ Պորելի հետ հանդիպման ժամանակ ըսած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովը։

Ինչպէս նշած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները՝ յղում ընելով երկրի Արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան, հանդիպման կողմերը քննարկած են երկկողմ հետաքրքրութիւն ներկայացնող եւ տարածաշրջանային շարք մը հարցեր։

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը Պորելին ներկայացուցած է հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացն ու նշած վերջին միջոցառումներու դրական ազդեցութիւնը այդ գործընթացին վրայ՝ վստահութիւն ձեւաւորելու առումով։

Հանդիպման Պայրամովը նաեւ ընդգծած է, որ Ատրպէյճանը բարձր կը գնահատէ կարգաւորման գործընթացին մէջ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի միջնորդական ջանքերը, սակայն միեւնոյն ժամանակ ան նաեւ դժգոհած է, ըսելով՝ «Եւրոմիութեան որոշ պաշտօնեաներու կողմնակալ յայտարարութիւնները կը խաթարեն այս գործընթացին մէջ Եւրոմիութեան անաչառ միջնորդի դերը»։