image

Պայրամով «դրական գործօն» որակած է Պրիւքսէլի մէջ կայացուելիք հանդիպումը

Պայրամով «դրական գործօն» որակած է Պրիւքսէլի մէջ   կայացուելիք  հանդիպումը

Ուաշինկթոնի մէջ կայացած բանակցութիւններու ժամանակ մենք մէկ քայլ առաջ գացած ենք։ Այս մասին յայտարարած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով։

Ան նաեւ աւելցուցած է, որ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի առաջնորդներու կայանալիք հանդիպումը Պրիւքսէլի մէջ «երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի մաս կը կազմէ» եւ կրնայ դիտարկուիլ որպէս «Երեւանի ու Պաքուի միջեւ բանակցութիւններու բաղկացուցիչ մաս»։

«Ընդհանուր առմամբ, մենք դրական կը գնահատենք ընթացող գործընթացը, քանի որ երբեմն բանակցային գործընթացին մէջ  ընդմիջումներ կամ ձգձգումներ կ'ըլլան: Ատրպէյճանական կողմի մօտեցումն այս հարցով միշտ կայուն է եւ հետեւողական․ մենք հանդէս կու գանք յօգուտ բանակցային գործընթացի եւ կարգաւորման», - նշած է Պայրամով։

Անոր խօսքով՝ առաջնորդներու հանդիպումը, ընդհանուր առմամբ, դրական գործօն է։

«Բանակցութիւններուն ու անոնց արդիւնքներուն երկար չենք սպասեր», - աւելցուցած է Ատրպէյճանի ԱԳ նախարարը։