Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով ընդունած է Պաքուի մէջ Ռուսիոյ նոր դեսպան Միխայիլ Եւտոքիմովի հաւատարմագրերու պատճէնները։ Ըստ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան՝ Պայրամովն ու Եւտոքիմովը քննարկած են Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան գործընթացը։
Հանդիպման ընթացքին նշուած է, որ «Ատրպէյճանի ինքնիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը պէտք չէ պայմանաւորուած ըլլայ Հայաստանի դիրքորոշմամբ»։
Խօսելով Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհի՝ Լաչինի միջանցքի սկզբնամասը՝ Հակարի գետի կամուրջի վրայ ապօրինաբար տեղադրուած անցակէտի մասին՝ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը յայտարարած է, որ այդ Պաքուի ինքնիշխան իրաւունքն է:
Պայրամով կրկնած է առաջարկն առ այն, որ «Աղդամ-Խանքենտի (Ակնա-Ստեփանակերտ-խմբ.) մայրուղին կրնայ օգտագործուիլ Ատրպէյճանի հայ բնակիչներու (Արցախի Հանրապետութեան քաղաքացիներ-խմբ.) կարիքները հոգալու համար»։
Յիշեցնենք, որ Պայրամովն օրերս խօսած էր Ակնա-Ստեփանակերտ մայրուղին օգտագործելու հնարաւորութեան մասին: