image

«Պայքար» շաբաթաթերթի հարցազրոյցը ՝ Գերշ. Տ. Նարեկ եպս. Պէրպէրեանին հետ.«Մեր երիտասարդները հասկցան, որ եկեղեցին նոյնպէս իրենց տունն է»

«Պայքար»  շաբաթաթերթի հարցազրոյցը ՝ Գերշ. Տ. Նարեկ եպս. Պէրպէրեանին հետ.«Մեր երիտասարդները հասկցան, որ եկեղեցին նոյնպէս իրենց տունն է»

  Օրերս Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան (ՌԱԿ)  պաշտօնաթերթ «Պայքար»  շաբաթաթերթը  ներկայացուցած է հարցազրոյց մը ՝ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ  Պրազիլիոյ Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ Նարեկ  եպս. Պէրպէրեանին։ Հարցազրոյցը  շահեկան է  այն առումով, որ բացի եկեղեցական, ազգային եւ կրօնական  թեմաներու մասին   տեղեկութիւններ փոխանցելէ   լոյսին կը բերէ     այսօրուայ  հայ երիտասարդութիւնը յուզող խնդիրները եւ  երիտասարդութիւն- Հայ  եկեղեցի   փոխ-յարաբերութիւնները, եւ կը ներկայացնէ    արդի երիտասարդութեան հանդէպ մեր եկեղեցիին ունեցած  հոգատար  մօտեցումներն ու նախատեսած  լուծումները։

 

«Պայքար»ի  հարցումներուն կը պատասխանէ Պրազիլիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ  եպս. Պէրպէրեան 

 Այս  օրերուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընթացք   առաւ Հայ Եկեղեցւոյ համաշխարհային երիտասարդաց միութեան (ՀԵՀԵՄ) մեծ ուխտագնացութիւնը։

 Աշխատարած հայ երիտասարդութիւնը ներգրաւող այս մարմինը ՝ ՀԵՀԵՄ-ը ունի բնորոշիչ դեր եւ աշխարհով մէկ տարածուած համայնքներուն մէջ ալ կը կ՚իրականացնէ առաջատար առաքելութիւն Մայր Աթոռի շուրջ համախմբելով տարբեր միջավայրերու եւ պայմաններու տակ հասակ առած նոր սերունդի ներկայացուցիչները։

 

 Այս առթիւ պատեհ առիթը համարեցինք հեռավար հարցազրոյց մ՚ունենալ Պրազիլիոյ Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ եպս. Պէրպէրեանին հետ, որ մօտէն կը հետեւի ՀԵՀԵՄ-ի գործունէութեան եւ իր թեմէն ներս մեծ ուշադրութիւն կը դարձնէ երիտասրդութեան, զանոնք յուզող հիմնախնդիրներուն ու նաեւ մեծ ճիգեր կ՚իրականցնէ եղեցիին շուրջ հաւաքելու համայնքի առաջատար երակը՝ երիտասարդութիւնը։

 

 Ստորեւ հարցազրոյցը ՝ 

 

 Աստուած Օգնական Սրբազան Հայր. կը նկատենք, Երիտասարդական Ֆորումներուն նպատակն է հայ երիտասարդութիւնը ի մի բերել եւ ուղղակի մասնակից դարձնել մեր եկեղեցւոյ գործունէութեան։ Որքանո՞վ յաջողած էք այս նպատակի ձեռքբերման մէջ։

Պէտք է ըսեմ որ երիտասարդութեան դերը իւրաքանչիւր համայնքին մէջ կենսական է. անոնց կրնանք վստահիլ համայնքային բաւականին կարեւոր աշխատանքներ եւ ի վերջոյ տեսնել բարձր որակով արդիւնք։ Այս փորձառութեանը հանդիպած եմ ամէն տեղ, ուր որ ծառայութեան նշանակուած եմ եւ մեծ յոյսեր կապած եմ երիտասարդութեան հետ, եւ այսօր ալ այդ տեսլականը կամաց-կամաց կ՚իրականանայ Պրազիլի Հայոց հնամենի համայնքին մէջ։ Թեմի մէջ կատարած առաջին աշխատանքս եղաւ Երիտասարդաց միութիւն ստեղծելը, որպէս զի մեր երիտասարդները կամաւոր աշխատանքով օգտակարութիւն բերեն թեմին եւ թեմի միջոցով՝ հայկական համայնքին, ու նաեւ թեմը ներկայացնեն տարբեր երկիրներու մէջ կազմակերպուած կրօնական միջոցառումներուն։

Այս տարի մեր թեմի մէջ երիտասարդաց մեծ հաւաք կազմակերպեցինք։ Օրհնությամբ Ամենայն Հայոց Հայրապետ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին , Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն հիւրընկալեցինք Հայ Եկեղեցւոյ Համաշխարհային Երիտասարդաց միութեան հոգևոր տեսուչ հոգեշնորհ Տ. Թովմա վրդ. Խաչատրեանը։ Ան երիտասարդներուն ներկայացուց ընդհանուր մանրամասնութիւններ երիտասարդաց աշխատանքներու մասին. օրինակ՝ ինչպէս աշխատիլ երիտասարդներու հետ, ինչպէս երիտասարդները կրնան օգտակարութիւն բերել համայնքային կեանքին եւ եկեղեցւոյ գործունէութեանը։ Ֆորումէն յետոյ ստեղծեցինք փոքրիկ յանձնախումբ՝ կազմուած 11 անձերէ եւ 3 օգնականներէ, որոնք կազմակերպչական հարցերուն մէջ պիտի օգնեն առաջնորդին՝ կազմակերպելու երիտասարդաց միջոցառումներ, ինչպէս նաև համայնքի հետ հոգեւոր տեսնակիւնէն կատարելու որոշակի ծառայութիւններ։

Կը հաւատամ որ երիտասարդներուն պէտք է հնարաւորութեան դուռ բանալ, քանի որ անոնք իսկապես կարող ոյժեր են։ Ներկայ պահուն կը ծրագրենք որ երիտասարդները նաեւ եկեղեցիին մէջ հանդէս գան որոշ կարեւոր բացատրական աշխատանքներով։ Օրինակ՝ մեր թեմի Սուրբ Գէորգ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ պատուհաններուն պատկերուած են Քրիստոսի կեանքի տնօրինական յիշատակումները։ Ընտրած ենք մի քանի երիտասարդներ, որոնք ժողովուրդին պիտի բացատրեն այդ պատկերներու խորհուրդն ու նշանակութիւնը սուրբ պատարագի աւարտին։ Ուրախ եմ, որ թեմի մէջ կատարուած բոլոր աշխատանքները՝ Աստուծոյ բարի կամքով յաջողութեամբ կը պսակուին։ ժողովուրդը կը սկսի աւելիով կապուիլ եկեղեցւոյ կեանքին հետ։

 

Երիտասարդական ֆորումը ամենամեա՞յ բնոյթ կրելու է, թէ քանի մը տարին անգամ մը տեղի պիտի ունենայ։

 

Ինչ կը վերաբերի ՀԵՀԵՄ-ի շրջանակին, յոյս ունինք որ նման հանդիպումները պէտք է յաճախակի բնոյթ կրեն եւ աւելի մեծ թիւով երիտասարդներ ընդգրկուին այդ ֆորումներուն։ Վերջերս համացանցային յաւելուածի մը մէջ ստեղծեցինք երիտասարդաց խումբ եւ ի մի բերինք բազմաթիւ երիտասարդներ։ Երիտասարդներ կային որոնց տուեալները չունէինք , որոշ երիտասարդներու ալ չէինք ճանչնար։ Հետաքրքրականն այն է, որ երիտասարդներ կային որ ինձ հաղորդագրութիւն կ՚ուղարկէին, թէ ցանկութիւն ունին միանալ խումբին։ Անշուշտ սա գնահատելի է, որովհետեւ նման հետաքրքրութիւն ինձ ուրախութիւն կը պարգեւէ։ Այդպէս հաւաքելով բազմաթիւ երիտասարդներ, կը պատրաստուինք յուլիս 2-ին մեծ հաւաք կազմակերպել։ Ընդգրկած ենք տարրաբնոյթ աշխատանքներ ՝ զրոյցներ, խաղեր, խարոյկի շուրջ երաժշտութիւն, տարրատեսակ հայկական ուտելիքներու ներկայացում եւ մատուցում։ Այս ամէնը շատ կարևոր քայլ է երիտասարդները պահելու եկեղեցւոյ շունչին ներքոյ, որովհետեւ տարիներ յետոյ թեմի կեանքը պիտի ապրի, ծաղկի այս երիտասարդներու եւ անոնց սերունդներու դէպի եկեղեցի եկող ճանապարհին միջոցով։

 

 

Ֆորումի ընթացքին ի՞նչ էին հիմնական քննարկուած թեմաները եւ ի՞նչ լուծումներ տրուեցան երիտասարդներուն կողմէ։

 

Ֆորումի քննարկումը շատ ակտիւ անցաւ։ Նախ Հայր Թովման ներկայացուց ՀԵՀԵՄ-ի առաքելութեան նպատակն ու խորհուրդը, ինչ աշխատանքներ իրականացուցած են եւ ինչպիսի աշխատանքներ իրականանալու են ապագային։ Ներկայացուեցան նաեւ արդի խնդիրները որոնք երիտասարդի համար խոչընդոտ կը հանդիսանան՝ եկեղեցւոյ կեանքին աւելի ընդգրկուն կերպով մասնակցութիւն բերելու համար։ Ֆորումի աշխատանքային հիմնական ուղղութիւններն էին, թէ ինչպիսին պէտք է ըլլայ երիտասարդի աշխատանքը Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Երիտասարդաց միութեան մէջ, եւ եկեղեցի-երիտասարդ կապը, կրթելու եւ դատիարակելու հարցով։ Ունէինք 5 սեղաններ, ամէն մէկ սեղանի շուրջ քննարկուեցաւ տարրաբնույթ խնդիրներ եւ վերջաւորութեան ներկայացուեցան լուծման առաջարկներ։ Այս ֆորումի միջոցով ալ երիտասարդները աւելի հասկցան որ եկեղեցւոյ եւ համայնքի կեանքին մէջ գոյութիւն ունեցող խնդիրները կարելի է լուծել միասին գործելով։ Անոնք հասկցան, որ եկեղեցին իրենց տունն է, ուրկէ կրնան վերցնել կեանքի մէջ օգտագործուելիք ամենէն կարևոր շնորհքները։ Աւելի վճռականութեամբ լեցուեցան եւ շաբաթներու ընթացքին սկսեցան բազում առաջարկներով ինձ հետ խօսիլ։ Սպասէք նորութիւններու. մեր թեմի երիտասարդները մեծ ծրագիրներ կը պատրաստեն, որը վստահ եմ օրինակելի պիտի դառնայ շատ համայնքներու համար։

 

Գիտենք որ իւրաքանչիւր թեմական շրջան ունի իր առանձնայատուկ հարցերը։ Հարցեր եւ խնդիրներ, որոնք կ՚ենթադրեն առանձնայատուկ լուծման ձեւեր։ Ի՞նչ են Հարաւային Ամերիկայի հայ համայնքի՝  ընդհանրապէս, եւ Պրազիլիոյ հայ համայնքը յուզող գլխաւոր հարցերը։ Եւ ինչ միջոցներ կան այդ հարցերուն լուծումներ տալու համար։

 

 

Վստահ եղէք, ինչ որ պէտք է ըսեմ նորութիւն չէ, որովհետեւ այս խնդիրները կը վերաբերին գրեթէ բոլոր թեմերուն եւ համայնքներուն։ Պարզապէս մօտեցումներն ու խնդիրներու լուծման մեթոտները յաճախ յարմարեցուած կ՚ըլլան տուեալ երկրի մշակութային առանձնայատկութիւններուն։ Սփիւռքի գրեթէ բոլոր թեմերուն մէջ կայ ուծացման խնդիր, հայու եւ օտարի ամուսնութեան խնդիրներ, նաեւ ամենակարևորը՝ հայ մնալու խնդիրը, որը չափազանց կարեւոր հարց եղած է հայոց պատմութեան բոլոր հանգրուաններուն։ Ուսումնասիրելով Պրազիլիոյ հայկական գաղութի պատմութիւնը կը հասկնաք, որ տեղի հայութիւնը կարեւորած է չօտարանալու գաղափարը։ Ըստ այդմ 1928 թուականին կառուցած է հայ Ազգային Դուրեան վարժարանը, որ մինչեւ օրս կը շարունակէ իրականացնել իր առաքելութիւնը։ Վարժարանը ունի 100 աշակերտ։ Անշուշտ դպրոցի կառուցման ժամանակ համայնքը ունեցած է իր հոգեւոր հովիւը, եւ մի քանի տարի անց կառուցած է հայկական առաջին եկեղեցին, որ կը կրէ Սուրբ Գէորգ անունը։ Մեր հիմնական խնդիրներէն մէկը համայնքային ներգրաւուածութեան խնդիրն է։ Ընտանիքներ կան, որ կը տեսնենք միայն մկրտութեան, պսակի կամ տխուր առիթներով։ Սա շատ ցաւալի փաստ է, որ մեծ անհանգստութիւն կը պատճառէ մեզի։ Այս հարցերուն խորքային քննութենէն յետոյ որոշեցինք կեանքի կոչել «եկեղեցի տուն. եկէք միացնենք զիրար» ծրագիրը։ Կազմեցինք Սուրբ Գէորգ առաջնորդանիստ առաջին հայկական եկեղեցւոյ խճանկարը, այն բաժնելով 1250 մասերու եւ ուղարկեցինք թեմի ընտանիքներուն։ Այս խորհրդաւոր քայլով ցանկութիւն ունիմ փոխանցել, որ մեր հաւատացալները եկեղեցւոյ քարերն են եւ առանց իրենց եկեղեցին առողջ չէ։ Արձագանքը իսկապէս հիացմունք առաջացուց համայնքին, ոգևորութեամբ լեցուեցան բազմաթիւ ընտանքիներ։ Ամէն կիրակի մեր հաւատացեալները կը բերեն խճանկարի կտորները եւ կը զետեղեն իր տեղը։ Շատերը սկսան յաճախակի մասնակցիլ եկեղեցական արարողութիւններուն։ Թէ մեր առաջարկներով եւ թէ հաւատացեալներու հրաւէրով տուն այցելութիւններ կատարեցինք՝ օրհնելով անոնց բնակարանները։ Այս այցելութիւններու իմաստը ծանօթութիւնն էր։ Ցանկացայ անձամբ ճանչնալ մեր համայնքի ընտանիքները, հրաւիրել եկեղեցի, մասնակից դարձնել քրիստոնէական սրբութիւն սրբոցին՝ սուրբ Հաղորդութեանը։ Ծրագիրը նշանաւորուեցաւ «Եկեղեցւոյ ձայն» մանկապատանեկան երգչախումբի ստեղծումով, որ թեմապատկան երգչախումբ է։ Օրեր առաջ սաները հանդէս եկան իրենց առաջին ելոյթով՝ հիացմունքի մեծ ալիք պարգեւելով ներկաներուն ու նաեւ մեծ արձագանգ թողնելով ամբողջ գաղութին մէջ։Շատերը զանգեցին մեզի , երախտիքի եւ գնահատանքի խօսքեր հնչեցուցին՝հաստատելով որ գաղութը զարթօնքի մէջ է եւ մենք դէպի առաջ կը շարժինք։ Նպատակ ունինք երգչախումբը հասցնել աւելի արհեստավարժ վիճակի եւ համերգային մեծ ծրագիրով հանդէս գալ թեմական եւ ոչ թեմական բազմաթիւ կառոյցներուն մէջ։ Ինչ կը վերաբերի խառննամուսնութիւններուն, այո, լաւ կ՚ըլլայ, որ հայը հայու հետ ընտանիք կազմէ, բայց եթէ այդ զոյգի մէջ արդէն ծնունդ առած է սէր եւ միասին ընտանիք կազմելու վճռականութիւն, ապա անզօր ենք ։ Ուրախալի փաստ է, որ այս միութիւններն ալ կ՚օրհնուին հայկական եկեղեցւոյ մէջ, եւ անոնց զաւակներն ալ հոգեւոր ծնունդ կը ստանան մեր առաքելաւանդ եկեղեցւոյ աւազանէն։

 

Երիտասարդներու միատեղ հաւաքը, որքանո՞վ կ՚ամրապնդէ կապը այդ երիտասարդներուն եւ Հայ եկեղեցւոյ միջեւ, եւ որքանո՞վ կը սատարէ անոնց կապը Հայրենիքին հետ։

 

Երիտասարդներէն ոմանք կը ծառայեն մեր երկու եկեղեցիներու խորաններուն։ Տարուայ ընթացքին կ՚ունենանք նոր երիտասարդներու գալուստ։ Կը փորձենք սիրաշահիլ զիրենք եւ մօտեցնել հայ համայնքին։ Ես որպէս առաջնորդ շատ լաւ գիտեմ թէ ինչ մեծ դեր ունի եկեղեցին օտարութեան մէջ։ Ես ծնունդ առած եմ Լիբանանի մէջ եւ զգացած եմ, թէ ինչպիսի կենսական կապ կ՚ապահովէ եկեղեցին հայրենիքին հետ։ Տարուայ ընթացքին մեր ամբողջ ծրագիրներու մեծ մասը կը կեդրոնանայ հայրենիքի հետ կապը ամրապնդելու աշխատանքին վրայ։ Հեռու ըլլալով Հայաստանէն փորձած ենք «փոքրիկ Հայաստան» ստեղծել եւ ապրիլ անոր գաղափարի եւ ոյժի ներքոյ։ Հայաստանի հետ կապն ու սէրը արտայայտուեցաւ 44-օրեայ պատերազմի ժամանակ։ Եղան նաև հայեր որոնք մեկնեցան Արցախ։ Շատերը այստեղէն նիւթական մեծ օգնութիւն ուղարկեցին։ Վերջերս թեմի հովանաւորութեամբ Արցախին նուիրուած մեծ միջոցառում ունեցանք։

Հայաստանի հետ կապը զօրաւոր է, եւ շատ ու շատ երիտասարդներ արդէն հայրենադարձ եղած են։ Անոնք ունին իրենց աշխատանքը եւ կը փորձեն մասնակից ըլլալ հայոց ամէն մի կենսական հարցի լուծման։ Շատերը արդէն ընտանիք կազմած են. Մեր համայնքին մէջ ունինք նաեւ երիտասարդ հարսեր որոնք Հայաստանէն եկած եւ ընտանիք կազմած են տեղի հայ երիտասարդներուն հետ։

 

 Վերջին խօսք մը, ըսելիք մը ունի՞ք Սրբազան Հայր։

Կը մաղթեմ որ մեր ազգը ամուր կապուած ըլլայ մեզի վստահուած սուրբ հաւատքին։ Կը մաղթեմ, որ ամուր պահուին Հայաստանն ու Արցախը։ Թող ոչ մէկ արհաւիրք այլեւս այցելէ մեր հայ ընտանիքներուն։ Թող չարը շրջանցէ Հայաստանը եւ միայն արեւը շողայ մեր երկու աշխարհներուն վրայ։ Եթէ իրապէս ունենանք անկեղծ միակամութեան տեսլականն, ապա կը զարգանայ ու կը շէննայ մեր հայրենիքը։ Եթէ այս գաղափարներուն սրբութեամբ մօտենանք, ապա մեզ հետ հաշուի կը նստին շատ-շատերը։ Թող Բարին Աստուած օրհնէ եւ պահպանէ մեզ բոլորս, ամէն։

 

 

 Սագօ Արեան