image

Պատրաստ ենք զարգացնելու յարաբերութիւնները, եթէ Հայաստան կատարէ «Զանգեզուրի միջանցքի» բացման իր խոստումը. Էրտողան

Պատրաստ ենք զարգացնելու յարաբերութիւնները, եթէ Հայաստան կատարէ «Զանգեզուրի միջանցքի» բացման իր խոստումը. Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը յայտարարած է, որ Թուրքիան Հայաստանէն կ'ակնկալէ բանականութեան եւ իրականութեան վրայ հիմնուած քաղաքականութիւն, որ ուղղուած կ'ըլլայ խաղաղութեան, անվտանգութեան եւ բարգաւաճման:

Ինչպէս յայտարարած է Էրտողանը կառավարութեան նիստէն ետք ժողովուրդին ուղղուած իր ուղերձին մէջ, Թուրքիան «պատրաստ է քայլ առ քայլ զարգացնելու յարաբերութիւնները, եթէ Հայաստանը կատարէ «Զանգեզուրի միջանցքի» բացման վերաբերեալ իր խոստումները»:

Ան նաեւ կոչ ըրած է Իրանին «մասնակցելու այդ պատմական նախագիծին («Զանգեզուրի միջանցքի» բացման- խմբ.), որ ճանապարհ կը բանայ տարածաշրջանի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման քաղաքական եւ տնտեսական քայլերու համար»: