image

Պատրաստ ենք դադրեցնել պատերազմը, եթէ... Իլհամ Ալիեւի հերթական մեծախօսութիւնը

Պատրաստ ենք դադրեցնել պատերազմը, եթէ... Իլհամ Ալիեւի հերթական մեծախօսութիւնը

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը յայտարարած է, որ Պաքուն պատրաստ է դադրեցնել պատերազմը Արցախի մէջ, բայց նախ Երեւանը պետք է «գրաւեալ» տարածքներէն զօրքերը դուրս բերէ. կը յայտնէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն։

«Նախ՝ ես կը հաւատամ, որ որքան շուտ պատերազմը աւարտի, այնքան լաւ ... Ես բազմիցս ըսեր եմ եւ անգամ մը եւս կրնամ կրկնել, որ եթէ Հայաստանի վարչապետը պարտաւորութիւն ստանձնէ ազատելու մնացած տարածքները, ապա մենք պատրաստ ենք կանգ առնել այսօր: Ան դեռ չէ ստանձնած նման պարտաւորութիւններ»,-ըսած է Ալիեւը իտալական La Repubblica թերթին տուած հարցազրոյցին մէջ՝ հերթական անգամ չհրաժարելով նախապայմաններ դնելէ:

Խօսելով փոխզիջումներու մասին՝ Ատրպէյճանի նախագահը նշած է, որ Երեւանի փոխզիջումը պէտք է ըլլայ «բոլոր գրաւեալ տարածքներու ամբողջական ազատումը՝ համաձայն ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի բանաձեւերու եւ անոնց հիմնական սկզբունքներու իրագործման»:

«Հիմնական սկզբունքները կ'ըսեն, որ սկիզբը պէտք է ազատագրել հինգ շրջան, իսկ յետոյ՝ երկու: Մենք արդէն միակողմանիօրէն ազատագրած ենք չորս շրջան: Հետեւաբար, ան (Փաշինեանը) պէտք է ըսէ, որ զօրքերը պէտք է դուրս բերուին Աղտամի Քելբեդշարի, Լաչինի շրջաններէն: Բայց ան նման յայտարարութիւն չըներ: Սա ցոյց կու տայ, որ ան չուզեր դադրեցնել պատերազմը»,- ամփոփած է Ալիեւը։