ԱԺ «Պատիւ ունեմ» ընդդիմադիր խմբակցութեան ղեկավարը պիտի ըլլայ «Պատիւ ունեմ» դաշինքի առաջնորդ, «Հայրենիք» կուսակցութեան ղեկավար Արթուր Վանեցեանը։ Այս մասին Tert.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ յայտնած է «Հայրենիք» կուսակցութեան մամուլի քարտուղար Սոս Յակոբեանը։
Վերջինս տեղեկացուցած է նաեւ, որ խմբակցութեան քարտուղարի պարտականութիւնները պիտի ստանձնէ ՀՀԿ երիտասարդական խումբի ղեկավար Հայկ Մամիջանեանը։
Յիշեցնենք՝ օրերս յայտնի դարձած էր, որ «Պատիւ ունեմ» դաշինքէն պատգամաւորական մանտաթները վերցուցած են առաջին 7 թեկնածուները՝
1. Արթուր Վանեցեան
2. Տարօն Մարգարեան
3. Աննա Մկրտչեան
4. Իշխան Զաքարեան
5. Հայկ Մամիջանեան
6. Թագուհի Թովմասեան
7. Տիգրան Աբրահամեան
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսվել