image

Պատերազմը պէտք է շուտ աւարտի․ Զելենսքին` Մաքրոնի հետ հանդիպման ընթացքին

Պատերազմը պէտք է շուտ աւարտի․ Զելենսքին` Մաքրոնի հետ հանդիպման ընթացքին

Պրիւքսէլի մէջ կայացած է Ուքրանիոյ եւ Ֆրանսայի նախագահներ Վլատիմիր Զելենսքիի եւ Էմանուէլ Մաքրոնի հանդիպումը․ անոնք քննարկած են մարտ 11-ին նախատեսուող հանդիպումը՝ երկիրներու ռազմական ներկայացուցիչներու մակարդակով։ Թելեկրամեան էջին Զելենսքին նշած է, որ հանդիպումը տեղի ունեցած է Պրիւքսէլի մէջ՝ Եւրոպական խորհուրդի նիստի շրջածիրէն ներս։

Զելենսքին շնորհակալութիւն յայտնած է Ֆրանսայի ղեկավարին՝ Ուքրանիոյ աջակցութեան եւ ի պաշտպանութիւն ամբողջ Եւրոպայի՝ աւելի լուրջ քայլեր ձեռնարկելու հարցով յստակ, սկզբունքային դիրքորոշման համար։

«Քննարկած ենք հանդիպումը, որ տեղի պիտի ունենայ մարտ 11-ին՝ երկիրներու ռազմական ներկայացուցիչներու մակարդակով, որոնք պատրաստ են աւելի մեծ ջանքեր ներդնելու այս պատերազմի աւարտէն ետք անվտանգութեան ապահովման հարցով։ Համակարգուած են դիրքորոշումներն ու ապագայ քայլերը։ Կայ յստակ ընդհանուր համոզմունք, որ իրական եւ տեւական խաղաղութիւնը հնարաւոր է Ուքրանիոյ, ամբողջ Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներու փոխգործակցութեան շնորհիւ։ Պատերազմը պէտք է աւարտի հնարաւորինս շուտ»,- ընդգծած է Զելենսքին։