ՀՀ կառավարութեան կողմէ 16 հոկտեմբերին կազմակերպուած է Թէլ Աւիւ - Երեւան յատուկ չուերթ՝ անվտանգութեան ապահովման նկատառումներէ ելլելով ՀՀ քաղաքացիներու եւ անոնց ընտանիքի անդամներու Հայաստան կամաւոր տեղափոխմանն աջակցելու նպատակով։
Քաղաքացիական օդագնացութեան կոմիտէի նախագահի օգնական Լիլիթ Աղաբեկեանը տեղեկացուցած է, որ չուերթը կ'իրականացուի ՀՀ կառավարութեան հովանաւորութեամբ։
ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը հաղորդէ, որ նախարարութեան ջանքերով Իսրայէլէն Հայաստան կը տեղափոխուին ընդհանուր 190 ՀՀ քաղաքացի եւ ազգութեամբ հայ, այդ շարքին՝ աւելի քան 70 երեխայ:
«Հայաստանի Հանրապետութիւնը բոլոր հայերի հայրենիքն ու տունն է, եւ մենք գրկաբաց եւ ամենայն հոգատարութեամբ ենք ընդունում մեր քոյրերին եւ եղբայրներին», - նշուած է Արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ։