Սուրիոյ մէջ աճած արուեստը կը յամարուի աշխարհի ամենահին դպրոցներէն մին, սկսած Օկարիթէն, Փալմիրայէն, այստեղէն անցած են տարբեր կայսրութիւններ՝ հռոմէական, հելենական եւ այլն, որոնք միախառնուելով տեղի հարուստ աւանդոյթներուն հետ ստեղծած են իւրայատուկ սուրիական «քոլորիթ», որմէ հնարաւոր չէ չազդուիլ։Այդ ճամբով ալ իմ ընկալումներս կը դարձած դն աւելի համամարդկային, խորաթափանց, ձեւաւորելով բոլորովին նոր եւ հարուստ ներաշխարհով արտայայտուած անհատ մը։
«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ հալէպահայ քանդակագործ եւ արուեստագէտ Ժոզէֆ Թիւթիւնճեանը:
-Ձեր մասին փոքր տեղեկութիւններ կրնա՞ք փոխանցել:
Ծնած եմ 1958-ին, Հալէպ: Աշխատած եմ սուրիացի նշանաւոր տարբեր արուեստագէտներու արուեստանոցներէն ներս: Մեծ տարիքիս որոշեցի ընդունուիլ Հալէպի գեղարուեստական համալսարան եւ նախքան պատերազմը ընդունուեցայ այնտեղ: Ետքը սկիզբ առաւ Սուրիոյ պատերազմը եւ ես ուշացումով շրջանաւարտ եղայ համալսարանէն՝ 2016-ին: Այժմ ունիմ իմ սեփական արուեստանոցը, որ դարձած է Հալէպի տարբեր սերունդներու արուեստագէտներու հանդիպման եւ արուեստի հարցերով քննարկումներու վայր:
-Պատերազմի հետեւանքով Հալէպը կրեց մեծ վնասներ: Դուք իբր վերանորոգող արուեստագէտ, կրնա՞ք պատմել Ձեր կատարած գործերու մասին:
Ճիշդ էք, պատերազմը շատ ծանր անդրադարձ թողուց Հալէպի մշակութային կոթողներուն վրայ:
Պատերազմէն ետք ես վերականգնեցի Հալէպի տարբեր եկեղեցիներ: Նոյնպէս վերականգնեցի ANTAKI HOUSE-ը, որ Հալէպի նշանաւոր ընտանիքներէն՝ Անթաքի ընտանիքին կը պատկանի: Այս տունը մօտաւորապէս 600 տարուան պատմութիւն ունի, հիւրընկալած է շատ նշանաւոր բազմաթիւ հիւրեր, որոնցմէ կարելի է նշել ԱՄՆ նախկին արտաքին գործոց նախարար Ճէյմս Պէյքըր, նաեւ նախագահ՝ Ճիմի Քարթըր. Համեստիս վստահուեցաւ այս տան վերանորոգումը, որ պատերազմի հետեւանքով ունէր որոշ քանդուած մասեր, եւ ես բոլոր այդ մասերը վերանորոգեցի պահպանելով կառոյցի հարազատ ոճը: Վերջերս վերանորոգեցի նաեւ Սուրիոյ նախագահի եղբօր՝ նահատակ Պասէլ Ասատի մեծածաւալ արձանը, որ զետեղուած է Հալէպի ամենամեծ հրապարակներէն մէկուն վրայ։ Նոյնպէս վերանորոգեցի Հալէպի կեդրոնական պարտէզի «Մաշթալ»ի խորհրդանշանը հանդիսացող 3 արձաններ՝ Համատանի, Պուհթուրի եւ Հնտաուի արձանները, որոնք Հալէպի պատմութեան մէջ ունին իրենց բարձր եւ իւրայատուկ տեղը: Այս արձանները պատրեազմի ժամանակ կրած էին բեկորներէն եւ փամփուշտներէն առաջացած ծանր վնասներ:
-Իբր հայ արուեստագէտ, Սուրիոյ գեղարուեստի հարուստ աւանդը ինչպիսի՞ անդրադարձներ ձգած է Ձեր ներաշխարհին վրայ:
Սուրիոյ մէջ աճած արուեստը կը յամարուի աշխարհի ամենահին դպրոցներէն մին, սկսած Օկարիթէն, Փալմիրայէն, այստեղէն անցած են տարբեր կայսրութիւններ՝ հռոմէական, հելենական եւ այլն, որոնք միախառնուելով տեղի հարուստ աւանդոյթներուն հետ ստեղծած են իւրայատուկ սուրիական «քոլորիթ», որմէ հնարաւոր չէ չազդուիլ։
Այդ ճամբով ալ իմ ընկալումներս կը դարձած դն աւելի համամարդկային, խորաթափանց, ձեւաւորելով բոլորովին նոր եւ հարուստ ներաշխարհով արտայայտուած անհատ մը։
-Ինչպիսի՞ ծրագիրներ ունիք նախատեսուած ապագայի համար։
Ես մասնակցած եմ բազմաթիւ անհատական եւ խմբային ցուցահանդէսներու: Շուտով տեղի պիտի ունենայ աշնանային ցուցահանդէս Դամասկոսի մէջ, որ զուտ փայտէ արուեստի գործերու ցուցահանդէս է, եւ այնտեղ պիտի բերեմ իմ մասնակցութիւնս:
Ես իմ բնոյթով պրպտել սիրող անհատ եմ, եւ ինչ արուեստ առանց պրպտումի: Վերջերս հետաքրքրութիւնս աւելցած է «ստէրիօֆօր» նիւթի նկատմամբ, որ կու տայ մեծ հնարաւորութիւն ստեղծագործելու նոր ֆորմեր՝ արուեստի նոր մօտեցումներու սահմաններուն մէջ: