image
Հրատապ լուրեր:

«Պարոն» տիտղոս՝ պելժահայ ակադեմական գործիչ՝ Փիէռ Կիւրճեանին

«Պարոն» տիտղոս՝ պելժահայ ակադեմական գործիչ՝ Փիէռ Կիւրճեանին

Օրերս, հայազգի փրօֆեսոր Փիէռ Կիւրճեան արժանացած է Պելժիոյ Ֆիլիփ թագաւորի «Պարոն» արքայական տիտղոսին՝ իր բացառիկ աւանդի ու իր ոլորտին գերազանց նուիրումի համար։

Նշենք, որ Փիէռ Կիւրճեան Պրիւքսէլի ազատ համալսարանի տնօրէններու խորհուրդի նախկին նախագահ է, «Մատենա» միջազգային ակադեմական խորհուրդի անդամ։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Պելժիոյ Ֆիլիփ թագաւորը «Պարոն» արքայական տիտղոս շնորհեց հայազգի փրօֆէսէօր, Պրիւքսէլի ազատ համալսարանի տնօրէններու խորհուրդի նախկին նախագահ, «Մատենա» միջազգային ակադեմական խորհուրդի անդամ՝ Փիէռ Կիւրճեանին։

Փրօֆ. Կիւրճեան այս բարձր պատիւին արժանի նկատուած է բացառիկ աւանդի ու իր ոլորտին գերազանց նուիրումի համար։ 

«Հպարտ ենք որ Փիէռ մեր թիմի մէկ անդամն է եւ կ'ոգեշնչէ մեզ իր օրինակով», գրուած է «Մատենա»ի յայտարարութեան մէջ։