image

Պարէտային ժամի դէմ բողոք՝ Թիֆլիսի մէջ

Պարէտային ժամի դէմ բողոք՝ Թիֆլիսի մէջ

Թիֆլիսի կեդրոնը բողոքի հաւաք տեղի ունեցած է՝ «պարէտային ժամը» չեղեալ համարելու պահանջով, որ երկրին մէջ կը տնօրինուի մօտ 4 ամիսէ ի վեր:

Այս մասին յայտնած է Նովոսթի-կրուցիա-ն՝ յիշեցնելով, որ Վրաստանի մէջ գիշերային ժամերուն (21:00-05:00) տեղաշարժելու արգելքը սահմանուած է 2020-ի 28 նոյեմբերին՝ պայմանաւորուած համաճարակաբանական իրավիճակի վատթարացմամբ: Այդ մէկն է սակաւաթիւ սահմանափակումներէն, որոնք կը պահպանուին երկրի քարանթինային միջոցառումներու մեղմացումներէն յետոյ: Քարանթինային սահմանափակումները փուլ առ փուլ մեղմացնել սկսած են 1 փետրուարէն:

Կը հաղորդուի, որ քանի մը տասնեակ մարդիկ հաւաքուած են Թիֆլիսի քաղաքային խորհուրդի մօտ՝ Ազատութեան հրապարակ, որպէսզի կոչ ընեն միջգերատեսչական համակարգող խորհուրդին վերանայելու կանոնները: Բողոքի մասնակիցներուն մէջ եղած են փոքր եւ միջին ձեռնարկատիրութիւններու ներկայացուցիչներ, աքթիւիսթներ եւ շարքային քաղաքացիներ:

Հանրահաւաքի կազմակերպիչները ընդգծած են, որ իշխանութիւնները կ'արգիլեն Վրաստանի քաղաքացիները տեղաշարժիլ երկրի տարածքով՝ սահմանափակելով անոնց սահմանադրական իրաւունքները: 

Պարէտային ժամը խախտելու համար ֆիզիքական անձանց համար 2000 լարի տուգանք կը սահմանուի, իսկ իրաւաբանական անձանց համար՝ 10 000 լարի:

Վրաստանի մէջ համաճարակի ողջ ընթացքին «Քորոնա» ժահրով վարակուած է աւելի քան 272 հազար մարդ, որմէ աւելի քան 3500-ը մահացած է: