Կ՚ուզեմ եւս մէկ անգամ արտայայտել Ատրպէյճանի վճռականութիւնը՝ շարունակելու ջանքերը տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ անվտանգութեան ամրապնդման համար, Մոսկուայի մէջ յայտարարած է Ատրպէյճանի վարչապետ Ալի Ասատովը։ Այս մասին գրած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները:
«Հաշուի առնելով վերջին շրջանին ստացուած դրական ազդակները՝ չափազանց կարեւոր կը համարենք այս ուղղութեամբ կառուցողական երկխօսութեան շարունակութիւնը։ Այս պատմական հնարաւորութեան արդիւնաւէտ օգտագործումը մեր տարածաշրջանի բոլոր մարդոց խաղաղ եւ անվտանգ համակեցութեան յոյս կու տայ»,-ըսած է Ասատով Մոսկուայի մէջ Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան (ԱՊՀ) կառավարութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի նիստին իր ելոյթի ժամանակ։